Հինգշաբթի, 30 Օգոստոս 2012 - Հայ Կաթողիկէ hամայնքը Իֆթար կազմակերպեց՝ հաւատք, սէր եւ խաղաղութիւն սփռելով Եգիպտոսի տարածքին


Գահիրէ

Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքին, գլխաւորութեամբ առաջնորդ գերապայծառ տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի, եւ գործակցութեամբ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբին, շաբաթ՝ 4 օգոստոս 2012, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հելիոպոլսոյ «Սուրբ Թերեզա» եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ռամատանի առթիւ իֆթար` թեմա ունենալով «Եգիպտոս… Հաւատք, Սէր եւ Խաղաղութիւն»:

«Հաւատք՝ բոլորս ալ մէկ Աստուծոյ կը հաւատանք, ուրեմն այդ հաւատքը ունեցող անձիք ատելութիւն չեն ճանչնար, նամանաւանդ իրենց եղբայրներուն հանդէպ», ըսաւ Գուսան գերապայծառը, անդրադառնալով իֆթարի թեմային: «Սէր՝ քանի որ մենք այս երկրին եղբայրներն ենք ու խտրութիւն չենք ճանչնար, կը ջանանք միասին գործել ու կերտել մեր Եգիպտոսը` սիրով», եւ վերջապէս «ապահովութեան ու խաղաղութեան մասին։ Քանի որ մենք՝ հայերս խաղաղ ժողովուրդ ենք ու կը սիրենք խաղաղ ապրիլ մեր եղբայրներուն հետ, կը ցանկանք խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին, եւ այդ նոյն խաղաղութիւնն է, որ մեզ կը կապէ միւս երկիրներուն հետ, եւ այս խաղաղութեամբ կը ջանանք դաստիարակել մեր երեխաներն ու երիտասարդները»:

Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցին որոշած է այս տարի չկազմակերպել վերջին երեք տասնամեակներուն աւանդական դարձած այս միջոցառումը, առանց պատճառներ յայտնելու, հաղորդած է Ալ Ահրամ Կէյթ կայքէջը, յուլիս 30-ին: Եգիպտոսի աւետարանական Եկեղեցին կազմակերպեց նման միջոցառում մը 15 օգոստոսին:

«Այս իֆթարը քանի մը նպատակ ունի», ըսաւ բժ. Արմէն Մազլումեան, Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, «նպատակներէն մէկն է պատուել այն եգիպտացի թղթակիցները, համալսարանական դասախօսները, պատմաբաններն ու եգիպտացի պատասխանատու դէմքերը, որոնք Հայաստան այցելած են յատուկ հրաւէրներով, եւ որոնք կ’անուանենք ''Հայերու բարեկամ‏''»:

Ըստ կազմակերպողներուն, երեկոյթի նպատակներէն մէկն է նաեւ  աւելի մօտէն ծանօթացնել եգիպտահայ համայնքի ղեկավարներն ու պատասխանատու դէմքերը: «Իֆթարին ներկայ գտնուեցան Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, Գահիրէի քաղաքական եւ թեմական Ժողովներու ատենապետները, եգիպտահայ զանազան կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ատենապետներ եւ ներկայացուցիչներ, եգիպտահայ ու եգիպտական մամուլի ներկայացուցիչներ», տեղեկացուց բժ. Մազլումեան:

Ի‎Ֆթարին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պետական պաշտօնական դէմքերէն՝  նախագահական պալատի ներկայացուցիչը, «Ազհար»ի Շէյխի ներկայացուցիչը եւ Վաքըֆի փոխ նախարարը, որ այս առթիւ խօսք առաւ: Խօսք առին նաեւ դեսպան Մելքոնեանն ու Գուսան սրբազանը:

Յիշենք, որ հոկտեմբեր 2011-ին, Եգիպտոսի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար միասնական աղօթք կատարուած էր Հելիոպոլսոյ «Սուրբ Թերեզա» եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Եգիպտոսի բոլոր կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ