Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2014 - Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձի առթիւ նուիրուած տօնակատարութիւն՝ հռոմի մէջ

Հռոմ

Կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2014–ին, առաւօտեան՝ յետ սուրբ եւ անմահ Պատարագին, Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Հ. Անկախութեան 23–րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը՝ նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսչական կազմին, եւ կատարողութեամբ՝ վարժարանի նորընծայ սաներուն:

Այս առթիւ ներկայ էին, Ք. Լեւոնեան հայ Վարժարանի տեսուչ՝ գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեան, գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վրդ. Եղիայեան, Վարժարանի փոխ–տեսուչ վարդապետ՝ գերապատիւ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, Պելճիքայէն ժամանած Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ ծխատէր քահանան՝ տէր Արմէն քհնյ. Մելքոնեան, Հ.Հ. Դեսպանատան խորհրդական՝ Տիկ. Անահիտ Թովմասեան, ինչպէս նաեւ խումբ մը հայ – իտալացի հաւատացեալներ:

Յայատագիրը ընդգրկեց 2 ասմունք՝ «Ազատութիւն» եւ «Իմ Սուրբ Հայրենիք» խորագրերով, «Երեւան – Էրեբունի» եւ « Հայրենիքիս հետ» երգերը, տեսաերիզ մը նուիրուած Հ. Հ. Անկախութեան 23 –րդ տարեդարձին առթիւ, նուագ՝ կատարողութեամբ Օրդ. Տիանա Կապրիէլեան- ի, ինչպէս նաեւ բանախօսութիւն՝ կատարողութեամբ Եղբ. Համլետ Այվազեան-ի:

Վարժարանի սան՝ եղբ. Համլետ, ներածական մը ներկայացնելով 1915 –էն մինչեւ 1991 թուի պատահած դէպքերը հայոց հետ, ներկաներուն փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.« Մենք այսօր արժանի՞ ենք այն ամենին ինչ որ ունենք, գիտակի՞ց ենք արդեօք մեր ունեցածին եւ կամ ոչ իսկ մտածում ենք: Ազգ, Պետութիւն, Եկեղեցի, սրանք մենք ունենք հիմա, իսկ մեր պապերը երազում էին տեսնել ազգ միասնական, պետութիւն անկախ,  Եկեղեցին սրտին մէջ եւ մշակոյթը՝ զարգացած: Ուստի սիրելի հայրենակիցներ եւ ամբողջ աշխարհում տարածուած եւ սփռուած իմ հայ ժողովուրդ, իմ այսօրուայ մաղթանքս եւ պատգամս է՝ լինել միահամուռ եւ ուժեղ, վառ պահել մեր պապերի արիւնով գնուած հաւատքը, գնահատենք մեր պապերի արեամբ գնուած ազատութիւնը, աղօթենք մեր պապերի համար, խորացնենք մեր հաւատքը առ Աստուած, եւ ինչքանով որ կարող ենք աջակցենք մեր երիտասարդ 23 ամեայ երկրին հետ: Ես հպարտ եմ որ հայ եմ, եւ ուր էլ որ լինեմ հպարտութեամբ եւ գլուխս բարձր կ՛ասեմ թէ ԵՍ ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՄ»:

Տօնակատարութեան աւարտին, խօսք առաւ ՀՀ Դեսպանատան խորհրդական՝ Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-ը, շնորհաւորելով Հայ Ազգն ու Հայ Եկեղեցին այս մեծ անկախութեանը համար, եւ մաղթեց որ յաջորդող տարիները՝ Հայ Ազգին համար, ըլլան աւելի լաւ տարիներ այն ինչ որ կ՛ապրի եւ կը զգայ այսօր հայու որդին:

Աւարտին, վարժարանի տեսուչ հայրը փոխանցեց իր սրտին խօսքը, որուն մէջ ան նախ խօսեցաւ երազի մասին եւ ըսաւ թէ, բոլորս մեծ երազներ ունինք եւ կը ձգտինք զանոնք իրականացնել, բայց երբ այդ բոլորը կ՛իրականանան, պէտք չէ զոհենք եւ կամ մոռնանք մեր փոքր երազները: «Մարդս յաճախ երեք ձեւերու պատկանող երկընտրանքի առջեւ կը գտնուի», ըսաւ գերապայծառ տեսուչ հայրը: Ան նշեց թէ չարի եւ բարիի երկընտրանքի պարագային, պէտք է ընտրել բարին. երկու չարի երկընտարնքի պարագային, պէտք է ընտրել նուազագոյն չարն ու վնասը. իսկ երրորդ կետը բարի եւ բարիի միջեւ երկընտրանքն է՝ զոր այս մէկը տրուած է միայն ու միայն սուրբերուն:

Մեծաւոր հայրը, իր խօսքը փակեց՝ մաղթելով որ միշտ գտնուինք 3-րդ կարգի պատկանող երկընտրանքի առջեւ, այսինքն՝ երկու բարիներու միջեւ եղած երկընտրանքին:

Յետ տօնակատարութեան, վարժարանին միջանցքին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ