Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2012 - Մամլոյ ասուլիս եւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն Լիբանանի ՀՀ դեսպանատան մէջ

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 13 դեկտեմբերի 2012-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն նուիրուած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագետներ՝ Լիւսի Թութունջեանին եւ Ջոն Գյուվդերլեանին յանձնեց ՀՀ Սփյուռքի նախարարութեան «Արշիլ Գորկի» մետալը: «Հայրենիք-Սփյուռք գործակցութեան զարգացմանը նպաստելու, հայապահպանութեան, հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման համար ունեցած նշանակալի աւանդի համար»  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան  պատւոյ գրերով պարգեւատրուեցան Հայկազեան համալսարանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, «Թէքեյեան» մշակութային միութիւնը, «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերը, «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը, «Խօսնակ» եւ «Մասիս» ամսագրերը, «Հասկ» եւ «Աւետիք» պարբերականները եւ «Բագին» գրական-մշակութային ամսագիրը:

«Սփիւռքի հայ ինքնութեան պահպանման, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, կրթական գործի կազմակերպման եւ զարգացման բնագաւառին մէջ ունեցած վաստակի համար եւ ուսուցիչի օրուայ կապակցութեամբ» պատւոյ գրեր ստացան մանկավարժներ Մաքրուհի Ունճեանը (Հայ Ավետարանական քոլեճ), Լենա Պալըքճեան-Պասմաճեանը (ՀԲԸՄ «Պողոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան»),  Շուշիկ Մավիսաքալեան-Թորոսը («Մելանքթոն եւ Հայկ Ասլանեան ճեմարան») եւ Կարպիս Գապասագալեանը (Հռիփսիմյանց երկրորդական բարձրագոյն վարժարան):

ՀՀ դեսպանը  շնորհաւորեց պարգեւատրեալներուն եւ շնորհակալութիւն  յայտնեց հայ համայնքի բոլոր կառոյցներուն՝ հայ մշակոյթի զարգացման, հայապահպանման գործին մէջ  ունեցած աւանդի, հայանպաստ գործունեութեան, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան հետ սերտ համագործակցութեան համար:

Նախքան պարգեւներու յանձնումը, դեսպան Քոչարեան զեկուցեց դեսպանատան միամեայ գործունէութեան մասին, վեր առնելով յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան  յաջողութիւնը, ընդծելով որ այս նշանակլի այցելութիւնը նպաստեց Հայաստան-Լիբանան բարեկամական կապերու ամրապնդումին եւ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնները գործադրութեան դնելու երկկողմանի յանձնառութեան։ Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Դեսպանութեան գործունէութեան զանազան բնագաւառներէն ներս, անոնց արդիւքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Յիշենք, որ «Աւետիք» պատրիարքական պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ՝ պարոն Սարգիս Նաճարեան  ստացաւ Աւետիքի շնորհուած պատւոյ գիրը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ