Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2007 - Դոկտ. ԺոզէՖ Ղուկասեան Այցելեց Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը

 

Լիբանան
 

 
Չորեքշաբթի՝ 21 Նոյեմբեր 2007ին, Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի հիւրը եղաւ Քաթարի եւ Իրաքի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան՝ Դոկտ. Ժոզէ‎ֆ‎ Ղուկասեան ընկերակցութեամբ Հայր Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիայեանի:

Մեծարգոյ հիւրերուն հետ, վարժարանի հիւրասրահին մէջ մտերմիկ զրոյցին ընթացքին, վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ երկար խօսեցաւ Մեսրոպեանի անցեալի եւ ներկայի նուաճումներուն եւ ծրագիրներուն շուրջ, ծանօթացուց հիւրերը վարժարանի կայքէջին եւ ամսաթերթ «Մեսրոպեան Լրաբեր»ին:

Դոկտ. Ղուկասեան իր կարգին, շրջագայելէ ետք վարժարանին մէջ,  յայտնեց իր մեծ գնահատանքը հայկական այս վարժարանի նուաճումներուն եւ բարձրակարգ ուսման համար: Պր. դեսպանը  շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ, որ վարժարանը հրաւիրած էր զինք Լիբանանի անկախութեան տօնակատարու¬թեան ներկայ գտնուելու:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ