Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014 - Օժտեալ հաղորդամիջոցավարը ըստ Սարգիս Նաճարեանի

 

Ստորեւ՝ Սարգիս  Նաճարեանի խօսքը՝ Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 19-20 Սեպտեմբերին,  Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի շրջագիծէն ներս, Երեւանի մէջ։

        

ՕԺՏԵԱ՛Լ ՀԱՂՈՐԴԱՄԻՋՈՑԱՎԱՐՆԵՐ

 

Ընդհանրապէս հայկական բոլոր ամպիոններէն, բեմերէն, խորաններէն եւ մամուլի էջերէն ահազանգ կը հնչեցնենք մայրենի լեզուի նահանջի մասին, անտեսելով ուրիշ ցաւալի իրականութիւն մը՝ որ հայու ինքնութեան գիտակցութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան նահանջն է,  որուն շօշափելի առաջին հետեւանքներէն մէկն է անշուշտ մայրենի լեզուի նահանջը, որուն արգելակումը կ’անցնի ազգային ինքնութեան գիտակցութեան  զօրացումէն։ Այս գիտակցութեան, մեղմ ըսած՝ թուլացումին, եւ աստիճանաբար ամբողջական կորուստին գլխաւոր պատճառներէն մէկը համաշխարհայնացման, գերարդիական արհեստագիտութեան եւ այսպէս կոչուած  “ընկերային հաղորդամիջոցներու»  առկայութիւնն է մեր շրջապատէն ներս, անոնց թափանցումը մեր կեանքէն, մեր ընտանիքներէն, կրթական եւ մշակութային օճախներէն ներս, մէկ խօսքով՝ անոնց հեզասահ ներխուժումը ընկերութենէն ներս։

Ահա թէ ինչպէ՛ս։    

Համաշխարհայնացման գործընթացը եւ ընկերային հաղորդամիջոցները՝ աշխարհը օր ըստ օրէ աւելի փոքրացնող երկու  անշրջանցելի իրականութիւններ են,  որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այսօր մարդիկ, հաւաքաբար եւ անհատապէս։

            Համաշխարհայնացումը մարդիկը իրարմէ կախեալ կը դարձնէ, սակայն ոչ անպայմանօրէն դրական իմաստով։ Զանոնք կը նոյնացնէ՝ վերացնելով անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ամէն առանձնայատկութիւն։  Ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը, այնպէս ինչպէս կը ներկայանայ կամ կը ներկայացուի ընդհանրապէս, համաշխարհայնացման նպատակն է ստեղծել այնպիսի միջավայր մը՝ որմէ ներս առանձնայատկութիւններ, յատկապէս ազգային ու մշակութային, գոյութիւն չունենան։ Միջավայրին կեդրոնը նիւթն է,  դրամը՝ իր բոլոր երանգաւորումներով ու տարբերակներով։ Դիմագիծ եւ ինքնութիւն չունի ան՝ իր տէրերուն եւ երկրպագուներուն նման։ Այսպէսով, համաշխարհայնացումը կը դառնայ անհատի ինքնութեան, զայն յատկանշող մարդկային, մշակութային, քաղաքակրթական, քրիստոնէական եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր արժէքներուն, ինքնաբերաբար նաեւ անոր ձգտումներուն ու տենչերուն տապանաքարը։

            Հաղորդամիջոցները, մասնաւորաբար այն ինչ որ  այսօր կը կոչենք ընկերային հաղորդամիջոցներ,  տաքին ու պաղին, մութին ու լոյսին  կամ լռութեան ու աղմուկին ազդեցութեամբ բանող ինքնագործ կազմածներ չեն, նման օդաչափի կամ ջերմաչափի սնդիկին կամ ահազանգի ճչակին՝ որ ինքնաբերաբար կը հնչէ երբ  կրակ ու ծուխ կայ, կամ գող կը մտնէ իր տեսադաշտէն  ներս։  Անոնք խօսափողն են մարդուն, թարգմանը ու տարածողը գաղափարներու եւ արտայայտութիւնը զգացումներու ու ապրումներու, մարդու հոգեմտաւոր կարողութիւններուն։ Հետեւաբար, հաղորդամիջոցները հայելին  են իրենց ետին կանգնած մարդուն, հաղորդամիջոցավարին։ Արդարեւ, անոնք կը ցոլացնեն զիրենք աշխատցնող մարդուն կամ հաւաքականութեան դիմագիծը, նկարագիրը, յատկանիշերը, նախասիրութիւնները, համոզումները, ինքնութիւնը։

            Ահա թէ ինչո՛ւ հաղորդամիջոցները՝ համաշխարհայնացման յորձանքին դիմաց կանգնած կա՛մ բարին չարէն, օգտակարը՝ վնասաբերէն, ցորենը որոմէն զատող ու զտող պատուարներ են, տեսակ մը մաղեր, կա՛մ յորձանքէն տարուող աւազաբլուրներ։  Այս դերակատարումը կախեալ է բոլոր անոնցմէ՝ որոնք հեռուէն կամ մօտէն առնչուած են հաղորդամիջոցներու գործունէութեան հետ՝ սեփականատէրեր ու հովանաւորներ, լրագրողներ,  մեկնաբաններ ու վերլուծաբաններ, ծանուցումի գործակալութիւններ, գործարարներ ու արհեստագէտներ եւ դեռ շատուշատ ուրիշներ։ Այս մարդիկը հաղորդամիջոցը կրնան դարձնել բարեգործ ու շինիչ կամ, ընդհակառակը,  չարագործ ու կործանարար։

            Այս երկու իրականութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին այսօր ո՛չ միայն անհատները, այլ նաեւ զանգուածները, աշխարհի որ ծայրամասին ալ գտնուին, եւ այսպէս, անոնք ամէն մէկ անհատը կը դարձնեն, կամ մեղմ ըսած՝ կը փորձեն  դարձնել աշխարհաքաղաքացի, ինչ որ կը յարուցանէ  ինքնութեան խնդիրը։

Խնդիրը՝ ոչ այն ինքնութեան  որ կը ստացուի յետ ծննդեան, անուան, դաւանանքի, հպատակութեան, համայնքային կամ քաղաքացիական կարգավիճակին հայող դեռ շատ մը ուրիշ պիտակաւորումներու  պաշտօնական տոմարի մը մէջ արձանագրութեամբ, այլ խնդիրը տոհմային ինքնութեան, ազգային պատկանելիութեան, որ մեր՝ հայերուս պարագային զուգորդուած է  կրօնական պատկանելիութեան հետ եւ որ  կը ծնի մարդուն հետ ու կը կազմէ անոր էութիւնը։ Ծնունդով եւ արեամբ ստացուած ինքնութեան դրոշմը անջնջելի է՝ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն նման։ Իսկ անոր յատկանիշերը անհատի ազգային պատկանելիութեան խորհրդանշաններն են։ Այդ յատկանիշերը ուրացող կամ անոնցմէ հրաժարող  մարդը կը դառնայ անդիմագիծ արարած։ Այդ յատկանիշերէն գլխաւորը լեզուն է անշուշտ, մեր լինելութեան հիմնասիւներէն մէկը։ Առանց Մեսրոպ Մաշտոցին Հայութիւն եւ Հայաստան հայրենիք գոյութիւն պիտի ունենա՞ր արդեօք։

Ահա այս ինքնութիւնն է որ համաշխարհայնացումի թիւր ընկալումին եւ ընկերային հաղորդամիջոցներու սխալ օգտագործումի հետեւանքներէն պահել-պահպանելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք ազգովին, ազգային եւ եկեղեցական բոլոր կառոյցներով, անհատապէս եւ հաւաքաբար։

Համաշխարհայնացման գործընթացը արգելակել եւ ընկերային հաղորդամիջոցներուն գործունէութիւնը հակակշռել հնարաւոր չըլլալով, ճակատագրուած ենք անոնց հետ գոյակցելու, բայց ոչ որպէս կրաւորական հանդիսատես։ Այս գոյակցութիւնը մեզ կը դնէ երկու իրականութիւնները դրական երեւոյթի վերածելու մարտահրաւէրին առջեւ։ Հարց պիտի տաք թէ ինչպէ՞ս։ Ճանապարհը ցոյց կուտայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

«Եկեղեցւոյ համար  - կ'ըսէ Ան – համաշխայնացումը պէտք է նմանի բազմանկիւնի մը (Polygone)՝ իր զանազան երեսներով, ուր ամէն ժողովուրդ կը պահէ իր մշակոյթը, իր լեզուն, իր կրօնքը, ծէսն ու ինքնութիւնը»։ 5 Մարտ 2014-ի, Corriere della Sera եւ La Nacion թերթերուն կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ, Ան «այո՛» կ'ըսէ համաշխարհայնացման, պայմանաւ որ մարդը գտնուի անոր կեդրոնը եւ յարգուի իւրաքանչիւր ժողովուրդի առանձնայատկութիւնները։ Ան ըսել կ՛ուզէ համաշխարհայնացումը պէտք է ծառայէ մարդուն համար աւելի արժանավայել կեանքի մը ստեղծումին, առիթ պէտք է դառնայ աշխարհին նայելու նաե՛ւ տարբեր մշակոյթներու եւ աւանդութիւններու ընդմէջէն եւ  աւելի լաւապէս գնահատելու համար քրիստոնէական մեծ արժէքները։

Հայ ազգէն աւելի ո՞վ կառչած է այդ արժէքներուն։

Իսկ ընկերային հաղորդամիջոցներու մասին, Ան ուրիշ առիթով մը կ՛ըսէ թէ անոնք (ընկերային հաղորդամիջոցները) մարդիկը, մշակոյթները, քաղաքակրթութիւնները իրարու կը մօտեցնեն եւ զանոնք իրարու հաղորդակից կը դարձնեն, կ՛օգնեն մարդոց զիրար աւելի մօտէն, աւելի լաւ ճանչնալու, իրար մտիկ ընելու, իրարհասկացողութեան եւ փոխադարձ յարգանքի առաջնորդող երկխօսութիւն հաստատելու, աւելի միացած ըլլալու։ Այս կերպով անոնք  կը նպաստեն մարդոց փոխադարձ հարստացումին։ Այսուհանդերձ, կը զգուշացնէ Պապը, հաղորդամիջոցներուն ճամբով մենք զմեզ միայն մեր ակնկալիքներուն ու միտքերուն, եւ քաղաքական ու տնտեսկան որոշ շահերու համապատասխանող տեղեկութիւններու  ոլորտի մը մէջ արգելափակելու փորձութենէն։ Ան կը զգուշացնէ մանաւանդ հաղորդամիջոցները մարդոց ապակողմնորոշումին ծառայեցնելու վտանգէն, ապատեղեկատուութիւնը «մեծագոյն մեղք» որակելով։

Համահայկական օրակարգերու քննարկումին, համազգային հիմնախնդիրներուն  իրազեկման ու  լուծումին, պահանջներու բաւարարումին ի խնդիր  գործող հաղորդամիջոցներուն հետ հեռուէն կամ մօտէն  առընչուած բոլոր մարդոց ուղղուած հրաւէր մը կայ վերոյիշեալ հաստատումներուն մէջ, հրաւէր մը՝ հրապարակ գալու զօրացած իրենց հարազատ  ինքնութենէն իրենց ստացած ազգային ու քրիստոնէական արժէքներով, առաջին հերթին իրենց լեզուով եւ իրենց  աշխատանքին մէջ առաջնորդուելու այդ արժէքներու գիտակցութեամբ միայն։

Ահա այսպիսի օժտեալ հաղորդամիջոցավարներ պատրաստելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք այսօր։

                                                                          

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

19 Սեպտեմբեր 2014

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ