Երեքշաբթի, 29 Յուլիս 2014 - Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդը կը շնորհաւորէ Իսլամները Ֆիթրի տօնին առթիւ

Գահիրէ

Իսլամներու Ֆիթրի տօնին առիթով, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա այցելած է Եգիպտոսի մէջ Ազհարի շէյխ Ահմատ Ալ Թայյէպին, զինք շնորհաւորելու եւ իր բարեմաղթանքները փոխանցելու համար: Հանդիպումին, երկու կողմերը անդրադարձած են Արեւելքի դժուարին պայմաններուն, խնդրելով Աստուծմէ որ օգնէ խաղաղութեան ու ապահովութեան վերականգնումին տարածաշրջանին մէջ:

Նշենք, որ գերապայծառ տէրը այս առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Եգիպտոսի նախագահին, Ազհարի շէյխին, հանրապետութեան միւֆթիին եւ երկրի այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ