Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2015 - Արժանթինահայ համայնքը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին

 

Արժանթին

 

Յունիսի 24-ին Պուէնոս Այրէսի Մայր տաճարին մէջ, Արժանթինի հայ համայնքին կողմէ երախտագիտութեան  հանդիսութիւն պիտի կատարուի ի պատիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝  Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անոր վճռորոշ աջակցութեան համար:

Prensa Centro Armenio-ն կը տեղեկացնէ որ արարողութիւնը պիտի կատարեն արժանթինահայ համայնքի կրօնական առաջնորդները` Արժանթինի հոգեւոր առաջնորդ եւ Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Մարիօ Պոլիի գլխաւորութեամբ:

Այս մասին  Սրբազան Քահանայապետին ուղղուած արժանթինահայ համայնքի նամակին մէջ ըսուած է.

«Յարգարժան Հայր Սուրբ,

Պատիւն ունինք դիմելու Նորին Սրբութեանդ` Արժանթին բնակող հայ համայնքին անունով,  20-րդ դարուն տեղի ունեցած առաջին ցեղասպանութեան հարիւրերրորդ տարելիցին այս յուզումնառատ եւ հայրենասիրական եռանդով լեցուն տարուան ընթացքին:

Հայր Սուրբ, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ձեր զօրակցութեան եւ այս ցաւալի տարելիցին մեր սրտերը ուրախացնելու համար: Շնորհակալութիւն Ձեր ձայնը բարձրացնելու համար` յաջակցութիւն այս փոքր, սակայն արժէքաւոր ժողովուրդին, որ դարերու ընթացքին հաւատարիմ  մնացած է  իր հաւատքին. խոշտանգուած եւ հալածուած է, սակայն վերածնուած է մոխիրէն»:

Յիշեցնենք որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի միջազգային ոգեկոչման առթիւ` ապրիլի 12-ին  Ֆրանչիսկոս  Քահանայապետը  Վատիկանի  Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Պատարագ մատուցանեց, որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ հայ ժողովուրդին  տառապանքները բնութագրեց որպէս «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»:

Իր ելոյթին մէջ, Քահանայապետը ըսաւ. «Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի», եւ այս խօսքով ան հաստատեց Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան առկայութիւնը: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ