Կիրակի, 20 Յունիս 2010 - Գիւտ Նշխարաց Տօնը Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ Մէջ


Պէյրութ Լիբանան 

 

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ Նշխարաց տօնին եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբին անուանակոչութեան առթիւ՝  կիրակի 20 Յունիս 2010-ին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ Սկուտախումբի հոգեւոր վարիչ՝ Գերապատիւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանի հանդիսապետութեամբ, մատուցուեցաւ սուրբ Պատարագ առաւօտեան ժամը 10.30-ին:

Հայր
Նարեկ Վրդ. Լուիսեանը եւ տէր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեան մասնակցեցան այս սուրբ արարողութեան:

 

Սուրբ Պատարագը եւ տօնակատարութիւնը կազմակերպեց սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի սկաուտներու խմբապետական կազմը: Ներկայ էին սկաուտներ, ծնողները, Գրիգոր անուն կրող բարեկամները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Սոյն տօնին առիթով սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ծունկոսկրի մասունքը Զմմառու վանքի Թանգարանէն Պէյրութ փոխադրուած էր:  

 

Պատարագի աւարտին, սկաուտներու սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նուիրուած շարականի երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ նշխարահամբոյր, ապա մասանակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մշեփորախումբին կատարուեցաւ տողանցք եւ քայլարշաւ Աշրաֆիէի պողոտաներէն, որմէ ետք Պատրիարքարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ սկաուտական արարողութիւնն ու հիւրասիրութիւնը, ուր ներկայ բոլոր Գրիգոր անուն կրողները հրաւիրուեցան կարկանդակը բեկանելու իրենց անուանակոչութեան առիթով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ