Շաբաթ, 27 Յունիս 2015 - Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի դիտաւորութեան աղօթք եւ սուրբ Պատարագ


 
 

*Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի մահուան առիթով, Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութիւնը ստացած է հաղորդակցութիւններ։ Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը՝ յանձին Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս եպիսկոպոս Գուսանի, պաշտօնական հաղորդումով կ՚անդրադառնայ Հոգեւոր Տիրոջ մահուան։ Գուսան եպիսկոպոս, կիրակի, 28 յունիսի առաւօտեան ժամը 11-ին սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի մատուցանէ հանգուցեալ Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ, Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի հոգւոյն համար։

*Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի թեմի դիւանը կը հաղորդէ, թէ «Թեմի Առաջնորդ՝ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան եւ կղերը ի մի հաւաքուած տարեկան ժողովին առթիւ Մոնթրէալի մէջ, որոշեցին յառաջիկայ կիրակի 2015-ի 28 յունիսին Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցանել հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքի յաւիտենական հանգիստին համար»:

*Ցաւակցական խօսք ուղղած է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան։ Ան կը գրէ. «Հոգեւոր Տիրոջ մէջ տեսած եմ Հայ Քրիստոնեայ կղերականի Տիպարը, որուն համար Քրիստոսի, Եկեղեցիին եւ Հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը ամէն բանէ վեր էր։ Շրջահայեաց Հայրապետ-եկեղեցական էր, եւ միշտ կը ձգտէր միջ-եկեղեցական ու յարանուանական կապերու ամրապնդմանը եւ համագործակցութեանը։ Նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ Լիբանանին։ Կառչած մնաց հայ ժողովուրդի սրբազան դատին եւ անոր հետապնդումին, եւ ոչ մէկ ճիգ խնայեց այս ուղղութեամբ։ Բայց այս բոլորէն վեր, Հոգեւոր Տէրը համեստ մարդն էր՝ եւ իրեն համար մարդը ու մարդկային յարաբերութիւնները եւ անոր հետ հաղորդականութիւնը արժէքներ էին։ Եւ իմ իւրաքանչիւր հանդիպումիս ընթացքին իր հետ՝ ալ աւելիով կը տեսնէի իր մէջ թէ ինչքան սէր, յարգանք ու ժամանակ կ՚ուզէր տալ մարդուն եւ անոր արժէքին նկատմամբ»:

*Հայր Բարսեղ Սուսանեան, հոգեւոր հովիւ Սիտնիի «Վերափոխում Աստուածածնի» հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան՝ իր ցաւակցական նամակին մէջ հակիրճ կերպով յիշելով հանգուցեալ Հայրապետի կենսագրականը կը գրէ. «Ան անխոնջ կերպով աշխատեցաւ օժանդակելու Արեւելեան Եւրոպայի այն բոլոր առաքելութիւններուն, որոնք երբեմն կը գտնուէին Սովետական Միութեան իշխանութեան տակ, ինչպէս նաեւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ» հռչակումի ուղղութեամբ»:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ