Կիրակի, 7 Յունուար 2007 - Հ.Կ.Մ. Պատանեկան հանդէսը- Աշրաֆիէ

Սիրելի հանդիսատեսներ
եւ յոյժ սիրելի ՀԿՄ.ի երիտասարդ երիտասարդուհիներ,


Գեղարուեստական յայտագրին պարգեւած հոգեկան վայելքի պահը, զոր ապրեցանք այս երեկոյ՝ եկաւ ճոխացնելու մեր տպաւորութիւնները Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի համերաշխութեան, կորովի եւ միասնականութեան մասին:

Այսօր գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ կրնանք վկայել թէ դուք գիտցած էք հաւատարիմ մնալ ձեզի ջամբած քրիստոնէական եւ ազգային սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն: Անշո՛ւշտ՝ այս կը թելադրէ ձեր բարձրորակ քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութիւնը, ճոխացած Հ.Կ.Մ.ականի կրթութեամբ:

Սրտէ յատուկ շնորհակալութեան խօսք կ’ուզեմ յայտնել այս ջերմ գեղարուեստական յայտագրին համար, ղեկավարութեամբ՝ Հ.Կ.Մ.ի խորհուրդի անդամներուն, եւ դերակատարութեամբ դերասան դերասանուհիներուն, նաեւ պարող պարուհիներուն ղեկավարութեամբ պարասոյց Օր. Մարիա Թէքէյեանին՝ առանց մոռնալու անուշիկ փոքրիկները եւ բոլոր մասնակցող մանչ ու աղջիկ պատանիները այս մշակութային հոգեշահ յայտագրին առընչութեամբ: Յատկապէս կ’ուզեմ գնահատանքս յայտնել Աւետման Ս. Կոյսի ժողովրդապետութեան կազմակերպիչ յանյնախումբի բոլոր անդամներուն՝ գլխաւորութեամբ Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի:

Ինչպէս գիտէք, մշակոյթը եւ արուեստը վեր են նիւթէն ու նիւթականէն: Անոնք հոգեկան անգերազանցելի հարստութիւններ են Մարդուն ու Ազգին: Նման ապրումներու կշռոյթով առաջնորդուող Միութիւններուն յատկանիշն է եղբայրասիրութիւնը, խաղաղասիրութիւնը եւ արդարասիրութիւնը: Այսպիսի յատկանիշներով օժտուած Հ.Կ.Մ. Պատանեկան ղեկավարներն ու անդամները պիտի արժանանան Տիրոջ եւ Եկեղեցւոյ օրհնութեան:

Ահ՛ա թէ ինչու բարձրաձայն կ’ուզեմ գոչել. «Սիրեց՛էք ձեր Հ.Կ.Մ.ի կազմակերպութիւնը, կառչեց՛էք անկէ բխած հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն: Թ՛ող այդ սէրն ու կառչումը ըլլան գրաւական՝ ձեր հաւատարմութեան եւ յաւերժագիրը ձեր Հայ Համայնքին:

Հ.Կ.Մ. Պատանիներ՝ Ապրիք:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ