Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2013 - Միհրան Սարգիս Նաճարեանին խօսքը Ապրիլեան հսկումի երեկոյին

Պէյրութ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր,

Յարգելի ներկաներ,

Հայոց Ցեղասպանութեան 98 տարիներէ ի վեր ամենամեայ նշումը սովորամոլ աւանդութիւն մը չէ,այլ վկայութիւնը մեր հաւաքական յիշողութեան յաղթանակին։
Ցեղասպանին ցոյց տալով որ հայ ժողովուրդը օժտուած է վերապրելու գերբնական ուժով մը՝ որով կրնայ յաղթահարել իրեն դէմ ի գործ դրուած անմարդկային ամէն արարք, յուսախաբ ընելով  «Թանգարանի համար միայն մէկ հայ ողջ պահել» երազող ցեղասպան Թալաաթները եւ բոլոր անոնք որոնք Հիթլէրի նման կը կարծէին որ  ժամանակը կը մաշեցնէ նաեւ Հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը, Հայ ժողովուրդը այսօր կու գայ  վկայութիւնը տալու ժամանակին ու մոռացութեան վրայ թրքական պետութեան կողմէ դրուած գրաւի պարտութեան եւ ուրեմն ցեղասպանուած հայ ժողովուրդի առաջին յաղթանակին։ Յաղթանակ մը՝ որ սահմանուած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը հայկական պահանջատիրութեան համար շրջադարձային դարձնելու։  

Մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ խոնարհելու եւ Նահատակաց Կտակին մեր հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգելու սրբազան  պարտականութեան  գիտակցութիւնը երբեք չէ պակսած շուրջ դար մը ամբողջ իրարու յաջորդած աշխարհասփիւռ սերունդներուն։ Վերջին յիսնամեակին, այդ գիտակցութիւնը իմաստաւորուեցաւ այսուհետեւ Արդարութեան եւ Իրաւունքի պահանջով միջազգային հրապարակ իջնելու,  բեմ բարձրանալու եւ հանրային կարծիք ձեւաւորելու յանձնառութեամբ։ Յանձնառութիւն մը՝ որ աննախընթաց զօրաշարժի ենթարկեց վերջին երկու տասնամեակին թիկունքը անկախ հայկական պետականութեան տուած համայն Հայութիւնը։ 
 
Արդարեւ, Թուրքիոյ՝ արիւնարբու Սուլթաններու հակահայ մոլուցքը գերազանցող հանրապետական վարիչներուն՝ Թալաաթին, Էնվէրին ու անոնց մեծ ու փոքր մեղսակիցներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ահասարսուռ հանգրուաններու ու գազանաբարոյ արարքներու մասին հայկական եւ օտար փաստագրութիւնները   իրարայաջորդ սերունդներուն մօտ  զօրացուցին վրիժառութեան ու պահանջատիրութեան յանձնառութիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն արեան պատգամէն թելադրուած այդ հաւաքական  յանձնառութիւնը՝ աւելի քան երբեք այսօր,
100-րդ տարելիցի նախօրեակին, մեզմէ իւրաքանչիւրէս կը պահանջէ՝ 
 
-Նախ հաւատարմութիւն մեր  արմատներուն ու ինքնութեան,
-ապա այդ հաւատարմութեամբ զօրացած՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդում
-եւ վերջապէս, անտեղիտալի պայքար ի խնդիր Արդարութեան  եւ մեր անտեսուած, բայց անժամանցելի ու անսակարկելի իրաւունքներու վերականգնումին։

Ուրեմն, նախ հաւատարմութիւն այն քրիստոնէական ու ազգային արժէքներուն ու արժանիքներուն, որոնք երաշխիքը եղան Հայութեան յաղթական գոյերթին։  Աւելի քան երբեք այսօր հրաւիրուած ենք այդ հաւատարմութեան  վկայութիւնը տալու ամէն բանէ առաջ կառչելով մեր՝ Հայու ինքնութեան հիմնասիւներուն՝ լեզուին, մշակոյթին, Լուսաւորչեան Հաւատքին, աւանդութիւններուն, մեր այդ կառչումին փաստը տալու համար մեր նորահաս սերունդներուն դաստիարակութիւնը ընտանիքէն ներս եւ ընտանիքին հետ վստահելով հայկական միջավայրին՝ Հա՛յ Դպրոցին։ Հակառակը ընել ինքնասպանութեան համազօր պիտի ըլլար, ինչպէս ըսած է մեծանուն հայ հոգեւորականը՝ Կոգեան իր Ապրիլ քսանչորսեան ճառերէն մէկուն մէջ։

Թոյլ տուէք ինծի հոս անձնական վկայութիւն մը կատարելու։ Այսօր ելոյթ ունենալու հրաւէրը ստանալէ ետք, երբ գրիչը ձեռք առի  մտորումներս արձանագրելու համար,  հինգ տարեկան տղաս՝ համակարգիչին դիմաց նստած գրիչ գործածելու անսովոր երեւոյթին ի տես՝ հարցուց թէ ի՞նչ կը գրեմ։ Ի՞նչ կրնայի ըսել  մանուկի մը որ տակաւին միայն առասպելներ ու հեքիաթներ գիտէր։ Հազիւ ԱՊՐԻԼ 24 բառը արտասանած, օգնութեան հասաւ 7 տարեկան աղջիկս, եւ եղբօր պատմեց այն ինչ որ հայերէնի ուսուց-չուհին օր մը առաջ պատմած էր Ապրիլ 24-ի մասին։ Թուրք… ջարդ… տեղա-հանութիւն… աքսոր… Տէր Զօր… ֆետայի… Հայաստան… Հայութիւն։ Երեւոյթը եկաւ հաստատելու որ միայն հայ ընտանիքէն եւ հայ դպրոցէն ներս է որ կը սկսի  ապագայ պահանջատէր սերունդին կազմաւորումը։ Միայն Հայ տան եւ Հայ դպրոցին մէջ է որ ապագայ սերունդը կը սորվի Կիլիկիան եւ  Զարթիր Լաօն։ Այսօրուան նման Ապրիլ 24եան  ձեռնարկներու ճամբով է որ անոր կը փոխանցուի պատմական յիշողութիւնը եւ պահանջատիրական ոգին։

Ահա թէ ինչու հայ ընտանիքը եւ հայ դպրոցը ռազմագիտական կարեւորութիւն ունին մեր պահանջատիրութեան համար։ Հոն է որ հայ մանուկը կը սորվի ոչ միայն հայկական երգ ու պար, հայերէն կարդալ ու գրել, այլ հայօրէն մտածել։

Իբրեւ Ցեղասպանուած ժողովուրդի կենդանի վկան եւ անոր իրա-ւունքներուն ժառանգորդը, այսօր, Սփիւռքը՝ թիկունքը տուած հայկական պետութեան, հայկական եռագոյնը ձեռին, կանգնած է թրքական պետութեան ժխտողականութեան  պատը ճարճատելու, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը լրումին հասցնելու եւ վերջապէս հատուցման իր պահանջին միջազգային զօրակցութիւն ապահովելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման։

Մարտադաշտը՝ աշխարհն է իր թափանցիկ եւ անթափանց կառոյցներով, իսկ մարտամիջոցները՝  ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդամիջոցներն են՝ բջիջայինը, համացանցը, ֆէյսպուքը, թուիթըրը, եութիուպը, պլոկները, որոնք ամբոխներ կը շարժեն, «արաբական գարուններ» ու փոթորիկներ կը յառաջացնեն։

Այս մարտին մէջ յառաջապահ դերակատարութիւն ունենալու կոչուած է նոր սերունդը, Հայ ընտանիքին, Հայ դպրոցին, Հայ եկեղեցւոյ, հայկական միութեան ու Ակումբին մէջ  կազմաւորուած սերունդը, որուն համար գաղտնիք չունին ժամանակակից մարտամիջոցերը։ Այսօր ամէն հայ պատանի եւ երիտասարդ, իր տան մէջ նստած անգամ կրնայ եւ պէ՛տք է իր մասնակցութիւնը բերէ համազգային առաջադրանքներու հետապնդումին համաշխարհային մարտադաշտին վրայ։                                                              

Նոր սերունդը կոչուած է դառնալու Հայութեան պահանջատիրական պայքարին յառաջապահը՝ քարոզչութեան ու հաղորդակցութեան արդիա-գոյն միջոցներու օգտագործումով։ Ան կոչուած է ապացուցանելու որ ժամանակը ոչ թէ թուլացուցած է մեր պահանջատիրութիւնը, այլ՝ աւելի ուժեղացուցած է զայն։

Այս իրողութիւնը բոլոր միջոցներով, բայց մանաւանդ միասնական շարքերով ապացուցանելու պարտաւորութիւնը ունի այսօր մեր ժողովուրդը։ Այդ շարքերու յառաջապահ դիրքերուն վրայ գտնուելու կոչուած է մեր երիտա-սարդութիւնը՝ զինուած պայքարի ու ճնշումի ժամանակակից միջոցներով։

Ապրելու վրայ ենք դարաշրջանի մը մէջ, ուր դեռ երէկ անհնարին թուացող զարգացումները այսօր հնարաւոր դարձած են։
 
Պէտք է հաւատալ որ Հայութեան համար եւս անկարելի բան չկայ ու պիտի չըլլայ այլեւս։

Այնքան ատեն որ կա՛յ իր արմատներուն կառչած եւ իր պահանջա-տիրութեան ջահը անմառ պահող իրաւազրկուած ժողովուրդ մը, որ աշխարհին կը յիշեցնէ թէ 20-րդ դարասկիզբին իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը Լեփսուսներու ու Մորկընթաուներու  կողմէ հնարուած հեքիաթ մը չէ, այլ պատմական իրականութիւն մը,

 այնքան ատեն որ այս գիւղ-աշխարհին մէջ կան հայեր՝ որոնք քով-քովի գալով եւ թիկունք թիկունքի տուած ամենուրեք կը ստեղծեն փոքր Հայաստաններ, ինչպէս կ՚ըսէ Սարոյեան,

 այնքան ատեն որ կայ նախայարձակ թշնամին նահանջի մատնելու կարող հայկական յաղթական բանակ մը,

 այնքան ատեն որ  կան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պէս  համաշխարհային առաջնորդներ՝ որոնք կոչ կ՚ընեն Թուրքիոյ ճանչ-նալու 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը նաե՛ւ որպէս համայն մարդկու-թեան դէմ կատարուած ոճիր,

Հայութիւնը կը հաւատայ որ անպայմա՛ն պիտի գայ այսօր դեռ եւս անկարելի երեւցածը հնարաւոր դարձնող օրը, նման Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ