Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2008 - Փակման Հաղորդագրութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղցեւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը իր տարեկան ժողովը գումարեց Սեպտեմբեր 17էն 26 2007, Զմմառու  Վանքին Պատրիարքական Աթոռին մօտ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ մասնակցութեամբ Ամեն. Տէր Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ եւ Հայ Կաթողիկէ բոլոր Թեմերու Առաջնորդներուն:
Սիւնհոդոսական Հայրերը աչքէ անցուցին նախ նախորդ Սիւնհոդոսի ընթացքին առնուած որոշումները եւ կատարեցին գնահատումը  անոնց տրուած ընթացքին: Ապա Պատրիարքական Յանձնախումբերու նախագահները ներկայացուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն արդիւնքները եւ ուսումնասիրուեցան մեր եկեղեցական կեանքին վերաբերող այլազան երեսները, վարչական, ծիսական, կանոնական, միութենական եւ այլ մարզերու մէջ:
 Ա. Քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Հայրերը գոհունակութեամբ ողջունեցին Կաթողիկէ ԵԿեղեցւոյ Քրիստոնէականի մեծածաւալ հատորին ամբողջական թարգմանութիւնը արեւմտեան աշխարհաբարի, որ արդէն հրապարակ հանուած է եւ սկսած է ցրուիլ մեր բոլոր թեմերուն եւ հաստատութիւններուն մէջ: Նոյն հատորին արեւելահայերէնի թարգմանութիւնը արագ կերպով  յառաջ կ՝երթայ եւ լոյս կը տեսնէ ի մօտոյ:
Այս մեծղի հատորին կողքին, կը պատրաստուի նաեւ համառօտ Քրիստոնէականի գիրքը, աւելի մատչելի դարձնելու համար քրիստոնէական վարդապետութիւնը ժողովուրդին բոլոր խաւերուն :
Զեկուցում տրուեցաւ նաեւ մեր վարժարաններուն մէջ կիրարկուող դասագրքերու շարքին ամբողջացումին վերաբերեալ աշխատանքին: Պատրաստ է երեք բարձրագոյն  դասարաններուն յանձնուելիք դասագրքերու շարքը: Շեշտուեցաւ նաեւ անհրաժեշտութիւնը երիտասարդներուն ուղղուած քրիստոնէական դաստիարակութեան յատուկ հրատարակութիւններու, ինչպէս նաեւ աւելի բծախնդիր ընտրութիւնը դասատուներուն եւ անոնց  զարգացման կատարելագործումը:
Բ.  Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ Հռչակում: Որոշում առնուեցաւ այս նպատակով կազմակերպել գիտաժողով մը յառաջիկայ տարուայ Սեպտեմբերին, հայ եւ օտար մտաւորականներու մասնակցութեամբ, որու եզրակացութիւնները պիտի ծառայեն իբր վաւերագրական ատաղձ այս կարեւոր գործը յառաջ տանելու եւ յաջողցնելու համար:
Գ. Նոր Երանելիներու դատին հետապնդումը: Ծանուցուեցաւ թէ եկեղեցական պատկան իշխանութիւնները դրական մօտեցում ցոյց տուած են այս կարեւոր գործին նկատմամբ: Յանձնախումբը աշխատանք կը տանի նորանոր վկայութիւններու եւ պատմական վաւերագրերու որոնումով եւ մէկտեղումով:

Դ. Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններ: Յանձնախումբի նախագահը  զեկոյց թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ոչ-Քաղկեդոնական եկեղեցիներուն միջեւ  աստուածաբանական երկխօսութեան ծիրին մէջ, ժողով գումարուեցաւ Սէտնայիայի մէջ, Սուրիա, Յունուար 2008ին, նիւթ ունենալով՝ Ի՞նչ են հարցերը որ մեզ կը միացնեն կամ կը բաժնեն: Ան ընգծեց մտքերու դրական զարգացումը վարդապետական հարցերու առնչութեամբ եւ փոխադարձ հասկացողութեան ու գործակցութեան ջանքերը:
Միջ-Եկեղեցական յարաբերութիւնները կը զարգանան մանաւանդ Միջին. Արեւելքի Եկեղեցիներու  Խորհուրդին ծրէն ներս:             
Ե. Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ալպոմի տպագրութիւն: Հայազգի Հայրապետին  Վատիկանի մէջ արձանին զետեղումը եւ անոր յատկացուած հրապարակին հանդիսաւոր բացումը Սրբազան Պապին ներկայութեամբ, առիթ ընծայեցին որ քառալեզու գեղազարդ Ալպոմ մը հրատարակուի: Ատաղձը պատրաստ է եւ ի մօտոյ հրապարակ պիտի հանուի:
Զ. Հաղորդակցութեան Միջոցներու Զարգացում: Զեկուցում տրուեցաւ նորակազմ  Յանձնախումբին աշխատանքներուն մասին, որ կ՝ընդգրկեն բոլոր հաղորդամիջոցները որ կը ծառայեն Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ծանօթացնելու եւ տարածելու:
Այս մարզին մէջ կը մտնեն յատկապէս Աւետիք պաշտօնաթերթը, Պատրիարքարանի Կայքէջը, Վատիկանի Ձայնասփիւռին ու Telepace եւ Լիբանանեան Tele Lumiere հեռատեսիլներուն հայկական բաժինները: Այս նպատակով հրաւիրուած էր այս վերջին կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը որ ներկայացուց գործակցութեան նոր կարելիութիւնները: 
Է. Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 17-րդ նիստ: Ժողովներուն մասնակցած է Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդը ներկայացնելով Ամեն. Հոգեւոր Տէրը: Կարեւոր տեղ տրուած է Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն եւ դպրոցներուն ի նպաստ գործադրուելիք ծրագիրներու իրագործումին:

Ը. Ծիսական հարցեր: Աւարտած են աշխատանքները՝ ծիսական բարեփոխումներու վերաբերեալ, յատկապէս Խորհուրդներու մատակարարման հայող՝  Մկրտութիւն, Պսակ եւ Թաղման կարգ: Յետ մանրամասն քննարկումի, որոշուեցաւ անյապաղ հրատարակել վերատեսուած մատեանները, երեք տարուայ փորձի շրջանի մը համար: Թիւ Պատարագի Խորհրդատետրը, աշխարհաբար թարգմանութեամբ, կրկնակի վերատեսութեան ենթարկուեցաւ:
Թ. Թեմերու վիճակին քննարկումը: Սիւնհոդոսական Հայրերը յատուկ կարեւորութեամբ ուսումնասիրեցին թեմերու իրավիճակը եւ յարմար սեպուած առնուելիք քայլերը, յատկապէս թափուր թեմերու վերաբերեալ:
Ժ. Պատրիարքական Գ. Համագումար: Ներկայացուեցաւ մանրամասն նախագիծը  սոյն Համագումարին ընթացքին, կատարուելիք դասախօսութիւններուն: Որ պիտի կատարուի 2009ին, Կը նախատեսուի երեք օրուայ ծրագիր մը: Համագումարին ընդհանուր տիտղոսը պիտի ըլլայ «Ամուսնութիւն եւ Ընտանիք»:
Սիւնհոդոսի փակման նիստին, Հայրերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան եւ նկատեցին անոնց ժխտական ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին առօրեայ կեանքին վրայ: Առաջադրուեցաւ մօտէն հետեւիլ մեր երիտասարդները յուզող հարցերուն, ըլլայ ուսումնական շրջանին թէ ասպարէզ ապահովելու պահուն: Նկատի առնուեցան այլազան միջոցներ դիմագրաւելու համար անոնց տագնապները տնտեսական, կրթական եւ հոգեւոր մարզերու մէջ եւ սատարելու անոնց լուծումին:
Հայրերը ողջունեցին ընտրութիւնը Լիբանանի նախագահ՝ Ն. Վ. Միշէլ Սլէյմանի եւ Հայաստանի նախագահ՝ Ն. Վ.  Սերժ Սարգսեանի: Լիբանանի Նախագահին տրուած պաշտօնական այցելութեան մը ընթացքին, Սեպտեմբեր 19ին: Հայրերը յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը Նախագահին եւ կառավարութեան առած վճռական քայլերուն, երկիրը վերջնականապէս դուրս հանելու համար ձգտուած վիճակէն եւ վերահաստատելու խաղաղ կենակցութեան եւ շինիչ համագործակցութեան գոյավիճակը, իբր անհրաժեշտ նախապայման՝ խաղաղութեան եւ բարօրութեան ամրապնդումին:
Հուսկ, Սիւնհոդոսի փակման, Հայրերը իրենց աղօթքները բարձրացուցին, յոյս յայտնելով որ դրական քայլերը որ կ՝արձանագրուին քաղաքական գետնի վրայ, յատկապէս Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրբ Երկրի մէջ, շուտով իրենց պտուղը տան, քաջալերելով անոնց բնակիչները որ կառչած մնան իրենց հայրենիքին եւ անխախտ պահեն քրիստոնէական վկայութիւնը այս աշխարհամասին մէջ:

Զմմառ, 26 Սեպտեմբեր 2008

Դիւան
 Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ