Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2012 - Սուրբ Ծաղկազարդի Պատարագը «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ


Զալքա, Լիբանան

Կիրակի, 1 ապրիլ 2012-ի առաւօտեան, Զալքա-ի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ օրուան պատգամը ուղղեց սուրբ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, ներկայութեամբ հարիւրաւոր հաւատացեալ բազմութեան։

Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը քառաձայն կատարեց  եկեղեցւոյ «Սուրբ Խաչ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ տիկին Սօնիկ Կիւրիւնեանի: Պատարագի աւարտին գլխաւորութեամբ պատարագիչ եպիսկոպոսին, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ՀԿՄ.ի եւ «Արիներ»-ու սկաուտներու  մասնակցութեամբ կազմուեցաւ մանուկներու եւ հաւատացեալ բազմութեան թափօրը, որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ ամբողջ շրջափակը: Թափօրի աւարտին տեղի ունեցաւ «Անդաստանի» արարողութիւնը եկեղեցւոյ բակին մէջ: Ապա տեղի ունեցաւ ուտեստեղեններու եւ անուշեղեններու «Պազարը», կազմակերպութեամբ ՀԿՄ.ի տիկնանց յանձնախումբին:

Նոյն օրը յետմիջօրէին, երեկոյեան ժամը 5-ին, տեղի ունեցաւ «Դռնբացքի» արարողութիւնը, հանդիսապետութեամբ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ