Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2008 - Հ.Կ. Մ.ի Պատանիները Նապաթիէի Մէջ

 

Պէյրութ, Լիբանան

Նապաթիէի մէջ, Միացեալ Ազգերու (UPF) Համաշխարհային Խաղաղութեան Կազմակերպութիւնը, հովանաւորութեամբ Նապաթիէի քաղաքապետութեան կազմակեպած էր յատուկ ծրագիր մը որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Էշրէֆիէի Հայ Կաթողիկէ Միութեան ( Հ.Կ.Մ. ) պատանեկանի պատասխանատու կազմը այլ միութիւններու կողքին:

Այս ծրագրին նպատակն էր ներկայ մատղաշ սերունդին մօտ ամրապնդել և ալ աւելի խորացնել պատկանելիութեան և խաղաղութեան զոյգ գաղափարները:

Հ.Կ.Մ.-ի պատանիները երկու օրուայ ընթացքին ( Ապրիլ 25 և 26 ) , Նապաթիէի ‏‏‏‏‏«Ղանտուր» հիւանդանոցի մայր ճամբուն վրայ գտնուող պատերուն վրայ, գծեցին ու ներկեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող պատկերներ:

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ