Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2014 - Սուրբ Խաչի տօնին առիթով Սուրբ պատարագ Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ

 

Պէյրութ

Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, յաւարտ Սուրբ Խաչի տօնին առիթով մատուցուած սուրբ պատարագին Հայրապետական Պատգամ փոխանցեց Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։ Իր պատգամին մէջ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.-

«Այս տարի կը կատարենք այս Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ երեսունամեայ տարեդարձը: Արդարեւ, 1984-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը կատարեց նորակերտ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը:

Նկատի առած որ մեր ժողովուրդէն մաս մը Զալքայի կողմերը փոխադրուեցաւ, երջանկայիշատակ Հմայեակ Պետրոս ԺԷ. Կետիկեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, Սուրբ Խաչ ժողովրդապետութեան քահանայատունը եւ եկեղեցին տակաւին չկառուցուած, իր 30 Նոյեմբեր 1977 թուակիր նամակով կ'անուանէ իբր Զալքայի թաղամասի առաջին ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ վրդ. Շատարեւեանը, որուն յաջորդեց հայր Յովհաննէս վրդ. Թէյրուզեան, ապա հայր Գրիգոր վրդ. Սարոյեան, ապա հայր Յովհաննէս վրդ. Սաֆարեան եւ հայր Ռափայէլ վրդ. Մինասեան, որուն օրով հիմնուեցան ժողովրդապետութեան կառոյցները: Անոր յաջորդեցին հոգ հոգւոցի պաշտօնին մէջ հետեւեալ ժողովրդապետները՝ հայր Նշան վրդ. Գարաքէհէեան, հայր Ռափայէլ վրդ. Մինասեան՝ երկրորդ անգամ, հայր Գէորգ վրդ. Խազումեան, հայր Եղիա վրդ. Եղիայեան, հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան, հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան, հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան՝ երկրորդ անգամ, հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որուն յաջորդեց ներկայ ժողովրդապետը՝ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, ունենալով որպէս փոխ ժողովրդապետ՝ Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանը:

Սիրելիներ, պէտք է գիտնաք, որ եկեղեցին քարեղէն կառոյց ըլլալէ աւելի, ան հաւաքավայրն է կենդանի Եկեղեցւոյ, որ է՝ հաւատացեալներուն հասարակութիւնը, որոնք միատեղ կը հաւաքուին իրենց աղօթքները կատարելու համար հաւաքաբար՝ գլխաւորութեամբ իրենց հովիւին։ Սուրբ Պետրոս Առաքեալը կը դաստիարակէ առաջին քրիստոնեաները սա խօսքերով՝ «Մօտեցէք Տիրոջ կենդանի վէմին...: Դուք ալ, իբրեւ կենդանի քարեր, մասնակցեցէ՛ք հոգեւոր տաճարին կառուցման, որպէսզի դառնաք քահանայական սուրբ հասարակութիւն» (1 Պետ 2,4-5)։ Նոյն իմաստով, Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ դուք՝ տաճարն էք Աստուծոյ եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա. կոր 3,16)։

Ուստի, սիրելիներ, դուք էք կենդանի Եկեղեցին։ Եւ երբ կը տօնէք այսօր այս քարաշէն եկեղեցւոյ հիմնարկութեան երեսունամեակը, ձեր հասարակութիւնը կը տօնէք, դուք զձեզ կը տօնէք։ Այս տօնը իրաւամբ Զալքայի հայ կաթողիկէ համայնքին եւ անոր ամէն մէկ հաւատացեալին տօնն է ։

Սիրելիներ, այսօր հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Խաչին գիւտը, երբ 327 թուականին Հեղինէ թագուհին գտաւ Յիսուսին խաչափայտը հողին տակ թաղուած Գողգոթայի բլուրի վրայ:

Այսօրուան թուղթին մէջ, զոր քիչ առաջ լսեցիք, Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. «Խաչին լեզուն յիմարութիւն է անոնց համար որ կը կորսուին. բայց անոնց համար որ կը փրկուին՝ ան Աստուծոյ զօրութիւն է» (1 Կոր 1,18):

Մեզի համար, սիրելիներ, Խաչը ցաւի եւ նեղութեան նշան է: Ֆիզիքապէս ասիկա ճիշդ է: Յիսուսն ալ չարչարուեցաւ եւ մեռաւ խաչին վրայ: Բայց, որքան ալ որ խաչը ցաւ եւ տխրութիւն կը պատճառէ, սակայն, խորքին մէջ ան երկու մեծ բարիքներ մեզի կ'ընծայէ:

Նախ, մեռնելով Խաչին վրայ, Յիսուս ուզեց մեզի փաստել թէ իր սէրը մեզի հանդէպ սահման չունի, եւ այս անսահման սիրոյն համար Յիսուս իր կեանքը զոհեց մեզի՝ մեղաւորներուս համար: Այս իմաստով, Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. «թերեւս բարի մարդու համար մէկը յօժարի մեռնիլ: Եւ կ'աւելցնէ. Աստուած իր սէրը յայտնեց մեզի քանի որ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար, մինչ մենք տակաւին մեղաւորներ էինք» (Հռ 5, 7-8):

Ընտանիքին մէջ, շատ մը հայրեր ու մայրեր կը զոհուին իրենց զաւակներուն համար, անոնց համար իրենց կեանքն իսկ տալու պատրաստ են: Բայց կա՞յ մէկը արդեօք որ պատրաստ ըլլայ իր կեանքը զոհելու չար մէկու մը համար: Բնա՜ւ երբեք: Արդ, Յիսուս այդ ըրաւ: Արդարեւ, Յիսուս մեռաւ մեզի համար, երբ մենք մեղաւոր էինք, այսինքն երբ մենք Աստուծոյ թշնամի էինք եւ չարին կը հետեւէինք մեղք գործելով: Ասկէ աւելի մեծ սէր չկայ ու պիտի չըլլայ:

Անկէ զատ, Յիսուս մեռնելէն ետք յարութիւն առաւ եւ երկինքը, որ փակ էր Ադամի մեղքէն ի վեր, Յիսուս զայն բացաւ եւ մեզմէ ամէն մէկուն համար տեղ պատրաստեց, որպէսզի մենք ալ վայելենք ընդ միշտ երկնային ուրախութիւնները:

Ահա՛ սիրելիներ, Սուրբ Խաչին գլխաւոր 2 բարիքները. Յիսուս մեռաւ մեզի համար, մեր մեղքերը քաւելու համար եւ մեզի համար տեղ պատրաստեց երկինքին մէջ: Ի՜նչ բարի լուր է ասիկա: Այս իմաստով, Սուրբ Պօղոս մեզ կը քաջալերէ, ըսելով. «Մենք կը քարոզենք խաչուած Քրիստոսը ... Աստուծոյ զօրութիւն եւ Աստուծոյ իմաստութիւն» (Ա Կոր 1, 23-24): Մաղթանքս է, յոյժ սիրելիներ, որ ըմբռնէք ձեր խաչերը Սուրբ Պօղոսի վսեմ իմաստով՝ որպէս Աստուծոյ զօրութիւն եւ Աստուծոյ իմաստութիւն, որպէսզի կարենաք օր մը վայելել երկինքի յաւէտ ուրախութիւնը: Սրբազան Պապը, Ֆրանչիսկոս, յաճախ կը կրկնէ սա նախադասութիւնը. «Երկինքի ճամբան խաչէն կ'անցնի, Յիսուսի նման»:

Յոյժ Սիրելիներ, քանի նեղութիւնները մեր կեանքին մաս կը կազմեն, մաղթանքս է որ Սուրբ Պօղոսի խօսքին ընդառաջելով, նկատէք ձեր կեանքի խաչերը, որպէս Աստուծոյ զօրութիւն եւ Աստուծոյ իմաստութիւն, որպէսզի ձեր խաչերը, յիմարներուն նման ձեզ յուսահատութեան չտանին, այլ ընդհակառակը, ձեզի զօրավիգ կանգնին, հասնելու համար երկինքի արքայութեան՝ Յիսուսին մօտ, շրջապատուած բոլոր սուրբերով, գլխաւորութեամբ մեր երկնային Մօր, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի:

Սիրելիներ, ձեզմէ կը խնդրեմ որ յատուկ կերպով աղօթէք տառապեալներուն համար, որպէսզի չընկճուին իրենց ցաւերու բեռին տակ, այլ՝ համբերութեամբ եւ հաւատքով ցանկան երկնքի արքայութիւնը. ամէն»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ