Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014 - Աւետումն Սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ 80-ամեակի նշում

Պէյրութ

Այս տարի, Սուրբ Կուսին Աւետման տօնին (25 Մարտ) զուգադիպութիւնը համանուն Եկեղեցւոյ 80-ամեայ յոբելեանին ցնծալի եւ յուզումնալի տօնախմբութեան մը առիթ հանդիսացաւ։Արդարեւ, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ մատուցուած հայրապետական սուրբ եւ անմահ Պատարագը՝ ներկայ կղերական դասին՝ Հայաստանի Առաջնորդ Արհի. Ռաֆայէլ  Արք. Մինասեանին, Արհի. Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանին, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրերուն, Զմմառու Վանքի վարչութեան հայրերուն եւ անոր զոյգ ընծայարաններու սաներուն, տօնախմբութիւնը կազմակերպող հոգեւորականներուն եւ աշխարհականներուն՝ Հ.Կ.Մ.ական պատանիներուն ու երիտասարդներուն, Կիլիկիա երգչախումբի վեթերան եւ երիտասարդ անդամներու կողքին համախմբեց երբեմնի մատուռին, ապա՝ Եկեղեցւոյ 80 տարիներու կեանքին վկայ սերունդի ներկայացուցիչներէն շատեր, որոնց դէմքերուն վրայ զգալի էր յուզումնախառն ուրախութիւնը։  Անոնք ոչ միայն վկան էին, այլ մասնակիցը Եկեղեցւոյ կեանքին մանաւանդ այն օրերուն երբ  Եկեղեցին շրջապատող եւ անոր մերձակայ թաղերը՝ Ժէիթաուին, Աշրաֆիէն ու Մար Մխայէլը  հայկական կոչուելու չափ հայաշատ էին, երբ Կիրակի եւ տօնական օրերուն եկեղեցին նեղ կու գար, որուն պատճառով  ժողովրդապետութիւնը հարկադրանքին առջեւ գտնուեցաւ  ընդարձակելու զայն անոր շրջաբակին մէկ մասը զոհելու գնով։ 80-ամեակին տօնական սուրբ Պատարագին ներկաներէն շատեր մասնակիցը եղած էին Կարդինալ Աղաճանեանի, Պաթանեան, Կէտիկեան, Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքներուն կողմէ այդ միեւնոյն խորանին վրայ մատուցուած թիւ կամ ձայնաւոր Պատարագներուն, եւ հաղորդուած էին անոնց օրհնաբաշխ ձեռամբ։
Ահա, այսպիսի ապրումներով եւ յուշերով լեցուն էր Աւետումն Սուրբ Կուսին Եկեղեցւոյ մթնոլորտը Երեքշաբթի,  25 Մարտի երեկոյեան, ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ մատուցուած սուրբ Պատարագի ամբողջ տեւողութեան։
Նախքան ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիսաւոր մուտքը եկեղեցի, ժողովրդապետ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան հրաւիրեց Եկեղեցին լեցնող հաւատացեալներու բազմութիւնը աղօթելու 80 ամեայ եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան  համար եւ նաեւ Սուրիոյ խաղաղութեան եւ յատկապէս սուրիահայ եւ Քեսապի մեր տառապահար ժողովուրդի դիտաւորութեան։
Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ Սուրբ Կուսին Աւետման դրուագին քրիստոնէական ուսուցումները։ Ան ըսաւ որ Աւետման տօնը մեզի կը յիշեցնէ թէ Մարիամին նման Աստուծոյ շնորհներով լեցուն մարդուն միշտ կ՚ուղեկցի Տէրը։ Աստուած իր շնորհքը կու տայ խոնարհներուն եւ կը խարանէ ամբարտաւանները, որոնք աղօթքն անգամ կ'ուզեն ծառայեցնել իրենց անձնական փառքին։ Մարիամին անարատ յղացումը եւ Եղիսաբեթին յղիացումը  ցոյց կուտան որ Սուրբ Հոգիին համար անկարելի բան չկայ։ Սուրբ Հոգիի օգնութիւնը կը հայցեն խոնարհները, եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւած մեծագոյն շնորհներէն մէկը ներելու կարողութիւնն է, ներել փոխանակ դատելու։ Խոնարհները - ըսաւ Հոգեւոր Տէրը - կը զգան որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ։ Ահա թէ ինչու քրիստոնեան պատրաստ պէտք է ըլլայ Աստուծոյ կամքը կատարելու, այնպէս ինչպէս յօժարեցաւ ընել Մարիամ, Տիրամայրը։ Ինքզինք քրիստոնեայ դաւանող ամէն մարդ պէտք է գիտակցի այդ կոչումով իրեն ստանձնած առաքելութեան՝ դառնալ քարոզիչներ ոչ միայն խօսքով այլ խոնարհութեամբ կատարուած բարի գործերով։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզը աւարտեց երկու կոչերով։ Կոչ աշխարհասփիւռ ամէն հայու որպէսզի հնարաւոր բոլոր միջոցներով իր զօրակցութիւնը ցուցաբերէ սուրիահայութեան եւ մասնաւորաբար քեսապահայութեան, եւ Սուրիոյ տառապահար մեր ժողովուրդի զաւակներուն զգացնէ թէ իրենք առանձին չեն դժուարին այս օրերուն։ Ապա նաեւ կո՛չ միջազգային կառոյցներուն եւ իրավիճակին վրայ ազդելու հնարաւորութիւն ունեցող տէրութիւններուն  եւ առընչակից ուժերուն  որպէսզի օգնեն խաղաղութեան վերահաստատումին եւ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորումին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի այս կոչերը անարձագանգ չմնան։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Աւետումն Սուրբ Կուսին Եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Եկեղեցւոյ 80-ամեակի ձեռնարկներուն  մասնակիցներուն եւ տեղեկացուց որ այս առթիւ շուտով պիտի սկսին Եկեղեցւոյ արմատական բարեփոխումներուն աշխատանքները։
Հուսկ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, արհիապատիւ սրբազան հայրերը եւ ժողովրդապետ եւ օգնական ժողովրդապետ հայրերը հաւատացեալներուն շնորհաւորութիւնները ընդունեցին պատրիարքարանի շրջաբակին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեան մը ընթացքին։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ