Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2011 - Հայ կաթողիկէ պատուիրակութեան վերադարձը համահայկական համաժողովէն


Երեւան

19 եւ 20 Սեպտեմբեր 2011-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ համահայկական համաժողովը մասնակցութեամբ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բարձրաստիճան ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ՝ արհիապատիւ հայր Րափայէլ արք. Մինասեան, որ ներկայացուց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, եւ որուն ընկերացան՝ հայր Անդրանիկ վրդ. Այվազեան, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան. պր. Սարգիս Նաճարեան, տիկ. Զուարթ Նաճարեան, պր. Սարգիս Քէշիշեան եւ պր. Րաֆայէլ Ումուտեան։
Պատուիրակութեան անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերին համաժողովի տարբեր յանձնախումբերուն ու նիստերուն։ Հայոց ցեղասպանութեան - հայ դատ թեմայով նիստին մասնակցեցաւ պր. Րաֆայէլ Ումուտեանը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ թեմայով նիստին մասնակցեցաւ պր. Սարգիս Քէշիշեանը, Լեզու եւ Կրթութիւն թեմայով նիստին մասնակցեցաւ տիկ. Զուարթ եւ պր. Սարգիս Նաճարեան, որ իր ընդմիջումին մէջ հաստատեց քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը հայ լեզուի եւ ընդհանուր կրթութեան կողքին, իսկ Երիտասարդական յանձնախումբի աշխատանքներուն մասնակցեցաւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը։
Հայ կաթողիկէ պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած համերգին ու զինուորական հանդէսին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ