Ուրբաթ, 22 Մարտ 2013 - Միասին աղօթենք
Պէյրութ

Հինգշաբթի, 21 մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Աշրաֆիէի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Միասին Աղօթենք» խորագրով աղօթքի երեկոն, նուիրուած՝ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած տէր Միքայէլ վրդ. Քայալին եւ տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեանի ձեռնադրութեան զոյգ դիտաւորութիւններուն։ Երեկոն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, մասնակցութեամբ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի, տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, Զմմառու սաներուն, երիտասարդական միութիւններուն եւ շարժումներուն։

Երեկոն ներկայացուց եկեղեցւոյ հովիւ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան. որմէ ետք յայտագիրը ընդգրկեց նախ տէր Միքայէլ վրդ. Քայալի ձեռնադրութեան մասին տեսանիւթի ցուցադրութիւն եւ յատուկ աղօթք իրեն համար։ Անոր մասին վկայութիւններ ներկայացուցին տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեան եւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։

Ապա Կոչումներու Թեմական յանձնախումբի պատասխանատու՝  հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան յառաջաբան մը կատարեց կոչումներու մասին եւ յատուկ աղօթք մը արտասանեց մասնակցողներուն հետ քահանայական նոր կոչումներու համար։ Այնուհետեւ, տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեան վկայութիւն մը կատարեց իր քահանայական կոչումին մասին։ Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս յիշեց իր ծնողքը։ Երեկոն շարունակուեցաւ հոգեւոր երգերով մեկնաբանութեամբ տէր Ղազարի եւ աղօթքներ բարձրացան բոլորին մասնակցութեամբ։

Աղօթքներէն եւ շարականներէն ետք, տեղի ունեցաւ սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը, կարմիր մոմերու խորհրդաւոր լոյսերով։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երեկոն փակեց պահպանիչով: 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ