Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2009 - Զմմառու Մայիսեան Ուխտագնացութեան Օր

 

BZOMMAR
Կիրակի 31 Մայիս 2009-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքի ուխտագնացութեան օրուան առթիւ, Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին: Առընթերակայ էին Հայր Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան եւ Հայր Գաբրիէլ Վրդ. Մուրատեան:

 

Պատարագի աւարտին հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւնը հետեւելով թափօրին ուղղուեցան վանքին դահլիճը իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցելու Հոգեւոր Տիրոջ, Զմմառու վարչական հայրերուն եւ վարդապետներուն:

 

Յետմիջօրէի ժամը 3.00-ին հաւատացեալ ուխտաւոր ժողովուրդը այցելեց մայրավանքի ազգային-եկեղեցական թանգարանը. ապա ժամը 4.00-ին, Սուրբ Վարդարանի աղօթք տեղի ունեցաւ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ