Երեքշաբթի, 4 Մարտ 2014 - Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ ստացաւ Ընտանիքի աստուածաբանութեան մասին վկայականը
Պէյրութ

Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ բարձրագոյն նիշով ստացաւ ընտանիքի աստուածաբանութեան մասին վկայականը (լիսանս), Հռոմի Լատերանեան համալսարանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետական հաստատութեան ամուսնութեան եւ ընտանիքի մասին ուսումնասիրութիւններու բաժնէն: Ան որպէս նիւթ ունէր լիբանանեան ընտանիքը, ընկերատնտեսական իրավիճակը եւ հովուական հեռանկարներ: Ան իր աւարտաճառը պաշտպանեց 26 փետրուար 2014-ին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջի անձնակազմը կը շնորհաւորէ հայր Գրիգորը եւ անոր կը մաղթէ նորանոր յաջողութիւններ:
 

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ