Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2014 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Սուրբգրային Բառերէն Եւ Առումներէն Թելադրանքներ Մեր Առօրեային Համար…


Սիրելի՛ ընթերցող, չորրորդ աւետարանիչ Սուրբ Յովհաննէսէն կատարեցինք ընթերցումն այն կտորին, որ խորագրուած է «Յիսուս կը քալէ ծովին վրայ» (Յվհ. 6,15-21):

Այս դրուագն որքան արտակարգ է, նոյնքան ալ արտասովոր է անոր բովանդակութեան խորքային պարունակը: Փորձե՛նք փորփրել քանի մը իմացութիւններ եւ իրողութիւններ:

Հացը խորհրդանիշն է յագեցումին, որ կ՛առթէ հանգստութիւն ու գոհունակութիւն: Հացին` Յիսուսի հրաշագործած բազմացումէն կշտացած եւ ուրախացած հազարաւորները մտադրեցին յափշտակել իրենց սքանչելագործ ու մարդասէր Բարերարը, որպէսզի  «զինք թագաւոր հռչակեն»: Իմացուցին Վարդապետին, որ «դարձեալ առանձին լեռ քաշուեցաւ» ըլլալու իր Հօր հետ եւ աղօթելու…

Կեանքը, բայց նաեւ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնեն երախտագիտութիւնը, շնորհակալութիւնը, որ արտաքին բարեմասնութիւնն ըլլալով` կրնայ դառնալ ներքին առաւելութիւնը, առաքինութի՛ւնը, երբ կը կատարուի գերբնական շարժառիթէն:

Յիսուսի «քաշուեցաւ»-ը կենսափորձառական ուսուցում է թէ՛ մեզի եւ թէ՛ աշխարհի կարծեցեալ մեծամեծներուն, որ մենք սորվինք հեռանալ սնափառութենէն, ու անոնք թօթափեն փառասիրութիւնը:

Բառարաններէն մեզի կը տրուին «սնափառութիւն»-ին իմաստները` «փառամոլութիւն, պատուի սին փնտռտուք, յոխորտանք, ինքնահաւանութիւն»: Անոնց` աշխարհի ղեկավարներուն, ընդհանրապէս, եւ Հայաստանի իշխանաւորներուն, մասնաւորապէս, կը հրամցուին «փառասիրութիւն»-ի նշանակութիւնները` «փառքի սէր,  պատուի տենչ, սնափառութիւն, մեծամտութիւն»:

Ստ. Մալխասեանց մեծահռչակ բառարանագրին տուած օրինակներէն այս ճիշդ իմաստութեան համաձայն, եթէ «բարեկիրթ մարդը սնափառութիւնից գարշում է», ապա որքան աւելի նողկալու են հարազատ հետեւորդները Յիսուսի, որոնց կը հրահանգէ.«Սորվեցէ՛ք Ինձմէ, որ սրտով հեզ եմ եւ խոնարհ, ու պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն» (Մտթ. 11,29):

Երկրորդ աղէտաբեր առումին համար կը մէջբերեմ նոյն գիտնականին հայթայթած առակային իմաստութիւններէն այս երկուքը` հասցէագրելով վերոյիշեալ գրպանապաշտներուն, իշխանատենչներուն եւ աթոռակառչներուն.«Փառասիրութիւնը բթացրել է նրա առողջ դատողութիւնը: Նա իր փառամոլութեանը զոհաբերում է ամէն ինչ»:

Վերջին ախտաւորներուն եւ աղտաւորներուն հոս ալ յիշեցնելու եմ անյետսկոչելի զգուշացումը Աստուածային Ազդարարողին.«Ի՞նչ առաւելութիւն մարդուն, եթէ շահի ամբողջ աշխարհը, բայց իր հոգին տուժէ: Կամ` ի՞նչ փրկանք կրնայ տալ` համարժէք իր կեանքին… (Մտթ. 16,26): Անմի՛տ, այս գիշերն իսկ հոգիդ պիտի պահանջեն քեզմէ, եւ ամբարածդ որո՞ւ պիտի մնայ…» (Ղկ. 12,20):

«Դարձեալ» մակբայը ոչ միայն ի զուր դրուած չէ հոս, այլ նաեւ անով կը շեշտուի այս թաքուն ու շնորհատու իրողութիւնը, թէ Յիսուս «կրկին անգամ, վերստին, նորէն» եւ «ստէպ, յաճախ» կ՛առանձնանար այս «լեռը» կամ այն «անապատը», որպէսզի աղօթէր, խոկար ու զրուցէր իր Հօր հետ:

«Առանձին լեռ քաշուեցաւ» ճիշդ տեղեկութիւնը, որ նուիրական սովորութիւն էր Աստուածամարդուն առօրեային մէջ, հոգեմտաւոր թելադրանքն ունի, թէ` մենք ալ առօրեային մէջ քաշուելու ենք առօրեայէն, հոգ չէ թէ` րոպէի մը համար, եւ այդ մտածումի ու սիրոյ պահը յատկացնելու ենք միայն ու միայն Աստուծոյ` աղօթքո՛վ:

Փորձե՛ս ու յարատեւե՛ս, որպէսզի ամէնօրեայ զբաղումներուդ մէջ զգաս թեթեւութիւնը, որ ժպտի՜ս, ունենաս գոհունակութիւնը, որ անդորրանա՜ս, գործես եղբայրասիրութիւնը, որ մարդանա՜ս, ու ապրիս Տիրոջ ներկայութիւնը, որ յաւերժանա՜ս:

«Իրիկունը Յիսուսի աշակերտները ծովեզերք»-էն «միւս ափը» նաւարկեցին: «Մութը կոխած էր արդէն, սակայն Յիսուս տակաւին չէր եկած»:

«Իրիկունը»… Ամէն մարդ, ու յատկապէս` քրիստոսականը, կեանքին մէջ կ՛ունենայ ի՛ր «իրիկունը», իրիկունները…: Այո՛, առիթը եւ այդպիսի պահեր կը շնորհուին մեզի, որ գիտնանք փաստել մեր հաւատքն ու կարենանք ապրիլ մեր վստահութիւնը Աստուծոյ:

«Մութը»… Ո՞ր մարդը, ու յատկապէս քրիստոսականը, նոյնիսկ եթէ մէկ անգամ, չէ ունեցած «մութը» իր կեանքին մէջ… Սրբակեացներն անգամ չեն խնայուած անկէ…

Այո՛, մարդապատկան է «մութը», որմէ աւելի իմաստուն եւ հզօր կ՛ելլես, երբ համոզուիս Սուրբ Պօղոսի հետ, թէ` «ամէն բանի կարող եմ Անո՛վ, որ զիս զօրացուց» (Փիլ. 4,13):

«Հովը սկսաւ ուժգին փչել եւ ծովը ալեկոծեցաւ»: Իմ կեանքիս, քու կեանքիդ եւ անոր կեանքին նաւակը ստէպ կը մատնուի մրրիկի ու ալեկոծումի, վտանգի եւ անելի… Առաւել, այս ժամանակին մէջ մեզ ահուդողի մատնած է ներսի եւ դուրսի մեր շրջապատն ալ իր ռազմամահերով, սպանութիւններով, ոճիրներով ու կործանումներով…

Եւ ահա, «Յիսուս ծովին վրայէն քալելով` կը մօտենար նաւակին»: Յստա՞կ է թելադրանքը… Այո՛, Քրիստոս առաթուր կ՛ոտնակոխէ ամէն դժուարութիւն եւ խռովութիւն, բաւ է, որ գիտակցինք.«Եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՞վ մեզի հակառակ է: Ամէն բանի մէջ յաղթական ենք Անո՛վ, որ մեզ սիրեց» (Հռմ.  8,32, 37):

Սակայն, շատ անհրաժեշտ է, որ նշմարե՜նք մեզի եկող Փրկարարը եւ վստահի՜նք անոր հրաշագործ ուժականութեան: Այո՛, զարհուրի՛նք Յիսուսի բացակայութենէն, բայց ո՛չ` անոր ներկայութեան: Քրիստոս պատմութեան Իշխանն է ու ժամանակին  Տէրը, որ միշտ կը խրախուսէ Իրեն հաւատացողները. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» (Ղկ. 6,20):

Ա՛յս ամենակարող «Բան»-ին (Յվհ. 1,1) եւ ամենախնամ «Սէր»-ին (1 Յվհ. 4,3) հետ` յա՜ր կը հասնինք հոն, ուր կը նաւարկենք, դէպի մեր նաւահանգիստը խաղաղութեան:

Ալէլուիա՜, Մարիամ, «Յիսուսի Մայրը» (Մտթ. 1,18), մեր յաւերժատար ուղեկիցն է:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 9 փետրուար 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ