Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2009 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Մասնակցեցաւ Միջ-Կրօնական Երկխօսութեան Համաժողովին

 
Ամման, Յորդանան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը 20 Մայիս 2009-ին, մեկնած էր Ամման, մասնակցելու համար Քահանայապետական միջ-կրօնական երկխօսութեան Խորհուրդի կազմակերպած համաժողովին: Այս ժողովին ներկայ եղան Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Պարսկաստանէն, Ս.Երկրէն, Իրաքէն, Թուրքիայէն, Մալթայէն, Սպանիայէն, Անգլիայէն եպիսկոպոսներ, կրօնաւորներ եւ մասնագէտներ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ներկայ էր նաեւ լատիններու պատրիարք՝ Ֆուատ Թաուալը եւ քահայապետական նուիրակ՝ Ֆրանսիս Ասիսի Շուլլիքաթ: Համաժողովին գլխաւորապէս քննարկուեցան քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, գաղթականութեան, քաղաքացիութեան եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր:

Ամմանի մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիումներ ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքին հետ: Շաբաթ 23 եւ Կիրակի 24 Մայիսին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Ս. Պատարագ մատուցեց Ամմանի Հայ Կաթողիկէ Ս. Կուսին Վերափոխման եկեղեցւոյ մէջ, որ կարուցուած է 1951 թուին:

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Թուալ պատրիարքի կողքին մասնակցեցաւ նաեւ կիսասարկաւագի ձեռնադրութեան արարողութեան: Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ գերապայծառ հայր ՌաՖայէլ Մինասեան՝ վիճակաւոր Ս. Երկրի կաթողիկէ հայոց:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վերադարձաւ իր նստավայրը 24 Մայիս 2009-ին:
          


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ