Երեքշաբթի, 5 Մայիս 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նամակը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին

 

 

                                                                                                                              

Պէյրութ

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը շնորհաւորէ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանը Շուշիի ազատագրումին յիշատակին առթիւ, եւ ըստ  դիւան թիւ 111/15, 4 մայիսի նամակին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը գրէ.

 

 «Հայ ժողովուրդին համար Մայիսեան ճակատագրական յաղթանակներու ոսկեայ շղթային ամէնէն փայլուն օղակներէն մէկը, անտարակոյս, Շուշիի ազատագրումն է, որուն նշումը յատուկ նշանակութիւն կը զգենու այս տարի,  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, որովհետեւ Շուշիի յաղթանակը կը հանդիսանայ  Հայոց պատմութիւնը նոր յաղթանակներով կերտելու մեր ժողովուրդի կամքին արտայայտութիւնը։ Այդ կամքին անպարտելի ուժը ցուցաբերեցին Շուշիի յաղթանակը կերտող ազատամարտիկները։ Համայն հայ ժողովուրդը այսօր կոչուած է գործելու այդ ազատամարտիկներու ոգիով եւ օրինակով՝ յաղթանակով պսակելու համար իր պահանջատիրական պայքարը, նաե՛ւ ի խնդիր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման։ Մինչ այդ, վստահ ենք որ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձի նշումին պարգեւած հպարտութիւնը պիտի մղէ մեր ժողովուրդին աշխարհասփիւռ զաւակները իրենց անխնայ զօրակցութիւնը ցուցաբերելու Արցախի մեր ժողովուրդին՝ ի խնդիր անոր անկախ պետականութեան հզօրացման, որ երաշխիքն է ոչ միայն  Արցախին, այլ համայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան։

 

Սիրելի Պարոն նախագահ, այս տրամադրութիւններով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Արցախի մեր ժողովուրդը՝ հայկական պատմական բերդաքաղաքի ազատագրութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով եւ մեր շնորհաւորութիւններուն կը միացնենք մեր զօրակցութիւնն ու աղօթքը առ Աստուած՝ հայցելով Ամենակալին օրհնաբեր հովանին Արցախի մեր ժողովուրդին վրայ»։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ