Շաբաթ, 8 Մարտ 2008 - Միջինքի Ս. Պատարագ եւ Ճաշկերոյթ Պոլսոյ Մէջ

Պոլիս, Թուրքիա
 

Նախագահութեամբ Արհի. Տէր Գէորգ Արք. Խազումեանի, Միջինքի առիթով Թաքսիմի Ս.Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, 27 Փետրուար 2008ին, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որմէ ետք եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպած էր ճաշկերոյթ  մը Թաքսիմի «Կոլտըն Էյճ» պանդոկին մէջ:  Խաղումեան Գերպ. նախագահեց նաեւ ճաշկերոյթը իր կողքին ունենալով Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Պերնար Սարըպայը եւ անդամները:

Հաւաքոյթի սկիզբը խօսք առաւ Տիկնանց Յարնձնախումբի ատենապետուհի՝ Ռեհան Սարըպայը որ յայտնեց թէ յանձնախումբի նպատակն է զանազան առիթներ ստեղծելով աւելի սերտ կապեր հաստատել համայնքի անդամներու միջեւ եւ նոր շունչ բերել ընկերային կեանքին, ինչպէս նաեւ օգտակար հանդիսանալ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Տիկ. Սարըպայ շնորհակալութիւն յայտնեց Խազումեան Գերապայծառին, որ քաջալերած էր ձեռնարկը եւ միշտ զօրավիգ կանգնած է խումբին:  

Ճաշկերոյթը սկսաւ Գերպ. Խազումեանի օրհնութեան աղօթքով, որմէ ետք հրաւիրեալները առիթը ունեցան ճաշի առընթեր, իրարու հետ խօսելու եւ հաճելի ժամանակ անցնելու: 
 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ