Երկուշաբթի, 30 Մայիս 2011 - Եկեղեցիներու Պատգամը ''Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն'' համաժողովին աւարտին` Պատերազմը ապօրինի դարձնել


Ժամայիքի

Աւելի քան հազար եկեղեցականներու ու աշխարհականներու ժողովին աւարտին, 24 մայիս Ժամայիքի մայրաքաղաքին մէջ, խաղաղութեան միջազգային համամիութեան ժողովին մասնակցողները իրենց պատգամին մէջ կը գրեն. «մենք կ'ըմբռնենք խաղաղութեան հաստատումը, որպէս անհրաժեշտ տարր մը մեր հասարակաց հաւատքին»։ Խաղաղութիւնը` բոլոր կրօներու մէջ ճանչցուած է որպէս կեդրոնական արժէք մը եւ խաղաղութեան խոստումը ուղղուած է բոլոր մարդոց ինչ կրօնի կամ աւանդութեան որ պատկանին։ Որպէս Աւետարանի ներկայացուցիչներ մենք իրաւասու ենք խաղաղութիւնը եւ ոչ-բռնութիւնը քարոզելու քանի մենք աշակերտներ ենք Անոր, որ աշխարհ եկաւ որպէս անպաշտպան մանուկ մը, որ հրամայեց մեզի սուրը չգործածել եւ սորվեցուց մեզի սիրել մեր թշնամիները։ Ան խաչի վրայ մեռաւ ու երրորդ օրը յարութիւն առաւ։ Ժողովականները կոչ ուղղեցին ազգային ղեկավարներուն, որ ֆինանսական հարստութիւնները գործածեն ի նպաստ այն յայտագրերու, որոնք կը քաջալերեն կեանքը քան մահը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ