Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2009 - Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու խորհուրդի 43-րդ ժողով

Պքերքէ, Լիբանան

Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2009, Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր 43-րդ հերթական ժողովը սկսաւ Պքերքէյի մէջ, որուն հիմնական նիւթն է «բարոյական արժէքները եւ Եկեղեցւոյ դերը, զանոնք ըմբռնելու, ապրելու եւ փոխանցելու մէջ»:
Այս հերթական ժողովին կը մասնակցին Մարոնիթ Պատրիարք Նասրալլա Կարդինալ ՍՖէյր, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Պատրիարքներ Լահհամ (Յոյն Կաթողիկէ), Յունան (Ասորի Կաթողիկէ) եւ Առաքելական նուիրակ Գեր. Քաչա:
Ժողովները կը շարունակուին մինչեւ շաբաթ օր, մասնակցութեամբ Կաթողիկէ տարբեր Եկեղեցիներու պատկանող եպիսկոպոսներուն եւ վանահայրերուն 
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ՛ընկերակցին Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գերյ. Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ