Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2013 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչը Գաղթականութեան Համաշխարհային Օրուայ առթիւ

Վատիկան

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց 20 յունիսի նշուելիք, Մակէն հաստատուած` գաղթականութեան օրուայ առթիւ։
Այս տարի - ըսաւ քահանայապետը - կանչուած ենք յատկապէս նկատի առնելու գաղթական ընտանիքներու իրավիճակը, որ ստիպուած եղած են իրենց տուները եւ երկիրները թողելու եւ փախչելու բռնութենէն, հալածանքէն եւ հարստահարումէն, կրօնի, քաղաքական կամ ցեղային իրենց անդամակցութեան պաճառաւ։

Բացի ճամբորդութեան վտանգէն յաճախ այս ընտանիքները ենթարկուած են փլուզումի եւ տարբեր մշակոյթներու դիմաց գտնուելու։ Չենք կրնար անտարբեր մնալ ընտանիքներուն եւ բոլոր մեր գաղթական եղբայր ու քոյրերուն հանդէպ։ Կանչուած ենք անոնց օգնելու, հասկացողութեան եւ հիւրընկալութեան միջոցաւ։
Նորին Սրբութիւնը ապա եզրափակեց «Թող չի պակսին աշխարհի մէջ անձինք եւ իշխանութիւններ, որ թիկունք կանգնին անոնց։ Իրենց դէմքին մէջ քանդակուած է Քրիստոսի դէմքը»։

Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի կայքէջի http://hy.radiovaticana.va/news/2013/06/19/%D6%86%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%B9%D5%AB%D5%BD%D5%AF%D5%B8%D5%BD_%D5%BD%D6%80%D5%A2%D5%A1%D5%A6%D5%A1%D5%B6_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%AB_%D5%AF%D5%B8%D5%B9%D5%A8_%D5%A3%D5%A1%D5%B2%D5%A9%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%B7%D5%AD%D5%A1%D6%80%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%AB/arm-702946
էջէն


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ