2 Յունուար 2006-ի առաւօտեան ժամը 9:30ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան այցելեց Հայաստանի մօտ Լիբանանի Դեսպան Կապրիէլ Ժի՛արա:
Հիւրը ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքին կողմէ. այցելութեան ներկայ էր Լիբանանի Թեմի ընդհանուր փոխանորդ՝ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան:
Մօտ կէս ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, վսեմաշուք դեսպանը խօսակցութիւն ունեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ, որուն ընթացքին իր շնորհաւորութիւնը մաղթեց Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներուն: Հանդիպումին ընթացքին ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանութեան կատարած ձեռնարկներուն մասին, ի մասնաւորի նշանաւոր լիբանանցի բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի արձանի հաստատումը:
Դեսպան Կապրիէլ Ժի՛արա մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն շնորհակալութիւն յայտնելով Հոգեւոր Տիրոջ: