Նախագահութեամբ Արհի. Հայր Վարդան եպս. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն, Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնահանդէս՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու:
«Բլբուլ» երգչախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Սիպիլա Փաչանեան, որ նշեց, թէ Վարդանանց ճակատամարտը հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծագոյն դէպքերէն մէկն է: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի պայքարը շարունակելու համար պէտք են նորանոր վարդաններ:
Փաչանեան իր խօսքը եզրափակեց ներկաներուն կոչ ուղղելով պահելու Վարդանի կտակն ու հայապահպանման վեհ սկզբունքները:
Ապա «Բլբուլ» երգչախումբը երգեց «Կիլիկիա», «Վարդանանց ասպետներ» եւ «Հայաստան» երգերը, որոնցմէ ետք սրինգով Գէորգ Քեշիշեան եւ դաշնակով Ռուբինա Զաքարեան նուագեցին «Մարտիկի երգը»:
Նազարէթ Թովմասեանի կողմէ «Իմ՝ Վարդան Մամիկոնեանէս պատգամ նորօրեայ հայ սերունդներուն» ասմունքի կատարումէն ետք ՀԿՄ-ի պատանիները ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանական»ը եւ Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն»ը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ անդրադարձաւ Վարդանանց ճակատամարտի պատմական հոլովոյթին ու պայմաններուն:
Վարդան վրդ. Գազանճեան ըսաւ, թէ տիպար լիբանանահայը չի մտածեր հատուածական կերպով, ինչպէս չմտածեց Վարդան Մամիկոնեան:
Շարունակելով խօսիլ լիբանանահայ գաղութի առկայ պայմաններուն մասին՝ վարդապետը նշեց, որ լիբանանահայութիւնը կարիքն ունի միացեալ մօտեցումներու, որպէսզի դիմագրաւէ առկայ մարտահրաւէրները:
Ան յայտնեց, որ Վարդան Մամիկոնեան տնտեսական շահերը եւ քաղաքական պայքարը չգերադասեց ազգային շահերէն ու հայութեան պատիւէն:
Իր խօսքի աւարտին հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան հաստատեց, թէ լիբանանահայութիւնը Վարդանի օրինակով պէտք է վերադառնայ իր հոգեւոր, մտաւոր եւ ազգային արժէքներուն, որպէսզի ըլլայ միակամբ եւ փրկուի «մահացու հատուածախտէն»:
Ապա Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբը ներկայացուց հայկական ժողովրդական պար մը, որուն յաջորդեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ արիներու կողմէ հայրենասիրական երգերու նուագներու կատարումը:
Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ «Արծիւեան» երգչախումբին կողմէ «Հիմի՞ էլ լռենք եղբարք», «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ «Երազ իմ հայրենի» երգերուն կատարումով:
Նշենք, որ զոյգ երգչախումբերուն խմբավարն է Մանուէլ Քեշիշեան:
Վարդանանց տօնակատարութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, որ հաստատեց, թէ թշնամին չկրցաւ ոչնչացնել հայութեան հաւատքը: Ան շեշտեց, թէ այնքան ատեն որ Լուսաւորիչի հաւատքը վառ կը մնայ եւ Մեսրոպի լեզուն կը հնչէ, ապա հայութիւնը առյաւէտ պիտի գոյատեւէ: