Չորեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2008 - Վատիկանի Բազմալեզու Ձայնասփիւռը եւ Անոր Հայկական Բաժինը

Վատիկանի ձայնասփիւռը հիմնուած է նոյնինքն ձայնասփիւռի գիւտարար Կուլիելմոս Մարքոնիի նախաձեռնութեամբ, 12 փետրուար 1931-ին: Կայանին բացումը կատարած է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. պապը: Ձայնասփիւռին տնօրէնութիւնը ստանձնած է Յիսուսեան միաբանութիւնը:
Վատիկանի ձայնասփիւռէն ամէնօրեայ դրութեամբ հինգ աշխարհամասերու ունկնդիրներուն կը ձայնասփռուին աւելի քան 44 լեզուներով մատուցուող յայտագիրներ, որոնց մաս կը կազմէ հայերէնը:
Հաղորդումներուն բազմազանութեամբ բնորոշուող բովանդակութիւնը կ’ընդգրկէ լրատուութիւն, ծիսական եւ մշակութային յայտագիրներ, երաժշտութիւն, ուսումնասիրութիւններ եւ այժմէական հարցերու անդրադարձող հաղորդումներ, ուղիղ եթերով ձայնասփռուող վիճաբանական թողարկումներ, կլոր սեղաններ եւ զանազան անձնաւորութիւններու հետ կատարուող հարցազրոյցներ: Իւրաքանչիւր լեզուի վերապահուած հաղորդում կը կատարուի 15-30 վայրկեան տեւողութեամբ, որ կը կրկնուի օրուան ընթացքին՝ միաժամանակ տեղադրուելով համացանցի համապատասխան կայքէջին վրայ:
Վատիկանի ձայնասփիւռի յայտագիրներու պատրաստութեան կեդրոնը կը գտնուի իր հիմնադիրին՝ Պիոս ԺԱ. պապին անունը կրող պալատին մէջ: Ձայնասփիւռային հաղորդումները կը հեռարձակուին միջին եւ կարճ ալիքներով, չորս ցանցերու ընդմէջէն, որոնցմէ առաջինը կ’ընդգրկէ Կեդրոնական Եւրոպան եւ Միջերկրականի շրջանը, երկրորդը՝ Արեւելեան Եւրոպան, Ասիան եւ Ամերիկան, երրորդը՝ Ափրիկէն, իսկ չորրորդը՝ Հռոմի տարածքը:
Խմբագրութեան պալատէն յայտագիրները ելեկտրալարերով կը հասնին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ հաստատուած Լեւոն ԺԳ.ի անուան վերստուգիչ կեդրոնը, որ Վատիկանի ձայնասփիւռին գիտարուեստական աթոռն է: Այս կեդրոնի մատուռէն կը հաղորդուին նաեւ ամէնօրեայ Ս. պատարագ եւ Ս. վարդարանի աղօթքը: Այս կեդրոնին վերապահուած է բոլոր հաղորդումներուն դասաւորումն ու սփռումը՝ զանոնք միացնելով Հռոմի շրջակայքը հաստատուած Սանթա Մարիա տի Կալերիայի հաղորդակայանին, որուն բացումը կատարուած է Պիոս ԺԲ. պապին կողմէ, 1975 թուին: Ան կը գրաւէ 440 հեկտար տարածութիւն, ուր հաստատուած են 100-500 քիլօուաթ զօրութեամբ միջին ու կարճ ալիքի 11 հաղորդիչներ, որոնք կապուած են ուղղիչ ալեհաւաքներու դրութեան մը, ուր կը բարձրանայ աշխարհի շրջադարձային մեծագոյն ալեհաւաքը:
Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինը սկսած է գործել 29 Մայիս 1966-ին, կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի ջանքերուն շնորհիւ, ղեկավարութեամբ հայր Ներսէս Ծ. վրդ. Սեթեանի, որ այդ շրջանին Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի տեսուչն էր, որուն յաջորդած է Գէորգ վրդ. Զապպարեան: Ներկայիս այս պատասխանատուութիւնը կը կրէ Միքայէլ սրկ. Ճենճեանը իբրեւ տնօրէն, Ռիթա Մելեքեանի եւ Սոնա Նիւրբեթլեանի համագործակցութեամբ:
Շաբաթը 15 վայրկեան տեւողութեամբ, երկու հաղորդումներով սկիզբ առած Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինը 1968-ին հանդէս եկած է շաբաթական երեք հաղորդումներով, որոնց թիւը 1974-ին հասած է վեցի, իսկ 1975-էն ի վեր հայը կարելիութիւն ունեցած է ամէն օր իր մայրենի լեզուով լսելու Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինին հաղորդումները: Այսօր 20 վայրկեան տեւողութեամբ, օրական երկու անգամ հայերէն հաղորդում կը կատարուի. յետմիջօրէին ժամը 5:50-ին (Իտալիոյ ժամանակացոյցով), որ կը կրկնուի առաւօտեան ժամը 4:10-ին, մեկնելով Հայաստանի ունկնդիրներուն յարմարող ժամանակացոյցի պահանջէն:
Համագործակցելով աւելի քան 44 ազգերու ներկայացուցիչներու հետ՝ Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական հաղորդումի անձնակազմը կարեւոր դեր կը կատարէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը համայն աշխարհին ծանօթացնելու իր առաքելութեան մէջ:
Վատիկանի ձայնասփիւռի հայերէն հաղորդումներու յայտագիրները կը պարունակեն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքահայ մամուլէն քաղուած տեղեկութիւններ, առկայ է նաեւ համագործակցութիւն հայկական այլ ձայնասփիւռներու հետ, ինչպիսիք են Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու հայկական ձայնասփիւռի կայաններ, որոնք կը վերահաղորդեն Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինէն կատարուած կարգ մը արձանագրութիւններ:

Հռոմ−Հալէպ
16 Օգոստոս, 2008

Աղբիւրը՝ http://www.aztagdaily.com



 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ