Երկուշաբթի, 16 Ապրիլ 2012 - Արհի. Հայր Ռափայէլ արք. Մինասեան` Կոչումներու պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ


Պէյրութ,  16 Ապրիլ 2012

Դիւան թիւ 80/12

Արհի. Հայր Ռափայէլ Արքեպ. Մինասեան
Առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան

Արհիապատիւ Գերապայծառ,

Սոյն գրութեամբ քեզ կ‏՚անուանենք Կոչումներու Պատրիարքական Յանձնախումբի նախագահ, ունենալով որպէս անդամներ՝ Գերյ. Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Նորատունկեան, Գեր. Հայր Արիստակէս Ծ.Վ. Մանուկեան, Գեր. Հայր Բարսեղ Վ. Պաղտասարեան, Գեր. Հ. Սերոբ Վ. Չամուրլեան եւ Գեր. Հայր Պերճ Վ. Սապէ։
Զմմառու Տիրամայրը հովանի ըլլայ քեզի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը տիպար օրինակ՝ այս յոյժ կարեւոր առաքելութեան համար։

Հայրական Օրհնութեամբ՝


+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ