Ուրբաթ, 22 Յունուար 2010 - Միջին Արեւելքի 2010 Սիւնհոդոսի նախապատրաստական թղթածրարը « Lineamenta »

Վատիկան

Երեքշաբթի, 19 Յունուար 2010-ին, լոյս տեսաւ Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներու թղթածրարը (les Lineamenta). Միջին Արեւելքի համար այս սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ, յառաջիկայ 10-էն 24 Հոկտեմբեր 2010-ին, նախագահութեամբ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին:
Սիւնհոդոսին խորհագիրն է. «Եկեղեցին՝ Միջին Արեւելքի մէջ, հաղորդութիւն եւ վկայութիւն. հաւատացեալներու բազմութիւնը միայն մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի ունէր (Գ.Ա. 4,32): Այս խորհագիրը ընտրուած էր Սրբազան Քահանայապետին կողմէն, մտածելու համար նախ եւ առաջ Եկեղեցւոյ յանձնուած հաղորդութեան եւ վկայութեան առաքելութիւններուն մասին Միջին Արեւելքին մէջ:
Այս թղթածրարը, հրատարակուած իտալերէն, անգլերէն, Ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով, կը պարունակէ սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ նախաբան, վերջաբան եւ հետեւեալ երեք հիմնական բաժինները:
ա- Կաթողիկէ Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ (8 էջ) - իրավիճակը, դժուարութիւնները, քրիստոնեաներու ընդառաջումները:
բ- Հոգեւոր հաղորդութիւնը (3 էջ)- Եկեղեցւոյ մէջ եւ տարբեր Եկեղեցիներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական կարգերուն մէջ եւ հաւատացեալներուն հետ:
գ- Քրիստոնեայ վկայութիւնը (11 էջ)- Եկեղեցւոյ մէջ, յարաբերութիւնները հրեայ ու իսլամ կրօնքներուն հետ ընկերութեան մէջ:
Ամէն մէկ բաժին այս թղթածրարէն կ՛ընդգրկէ արծարծուած թեմային շուրջ շարք մը հարցումներ :

Յիշենք որ, Սրբազան Քահանայապետը պիտի ներկայացնէ սիւնհոդոսի աշխատանքային վերջնական թղթածրարը Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն, Կիպրոս կղզի իր այցելութեան ընթացքին, յառաջիկայ 4, 5 եւ 6 Յունիս 2010-ին: Այս առթիւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի մասնակցի Սրբազան Քահանայապետի Կիպրոս այցելութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ