Երեքշաբթի, 14 Օգոստոս 2007 - Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան Պատանեկանի Տարեկան Բանակում-Քեսապ

 

Սուրիա
 

 
Տարիներու յարատեւ երթը շարունակելով՝ այս տարի եւս Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ական ջահակիրները,  պատանիները ու պատասխանատու կազմը բարձրացան Քեսապ հայաւան՝ յաջողցնելու Հ.Կ.Մ Դամասկոսի նոր շրջանի  35 րդ տարեկան բանակումը, որ ունէր որպէս նշանաբան՝ «Մենք զօրաւոր ենք երբ միասին ենք» կարգախօսը: Խումբի  անդամները գլխաւորութեամբ հոգեւոր վարիչ՝ Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին 31 Յուլիս 2007ին ժամանեցին Քեսապի Հայ Կաթողիկէ վանք ու հիւրընկալուեցան տեղւոյն ժողովրդապետ՝  Հայր Գարեգին վրդ. Գէոշկերեանի կողմէ: Բանակումը ունեցաւ յաջող ընթացք: Վարիչները պատրաստած էին դաստիարակիչ, օգտակար՝ միեւնոյն ժամանակ հաճելի յայտագիր մը լեցուն զանազան արշաւներով, խաղերով, նոր երգերու ուսուցումով ու օգտաշատ նիւթերով, իսկ հոգեւոր բաժինը բանակումին  ճոխացաւ Հայր Բարսեղի ներկայութեամբ որ իր մատուցած Ս. Պատարագներով ու հոգեւոր նիւթերով բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց դէպի աւելի էականը՝ մեր Ս. Կրօնը ու հաւատամքը:Կիրակի 5 Օգոստոս 2007 ի առաւօտեան՝ ներկայութեամբ Դամասկոսէն ժամանած բազմաթիւ ծնողներու ու բարեկամներու, ինչպէս նաեւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակներու, վանքի Ս. Միքայէլ հրեշտակապետ  եկեղեցւոյն մէջ համապատարագեցին Հայր Գարեգին ու Հայր Բարսեղ վարդապետները: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին Պատանեկանի ու «Քնար» երգչախումբի անդամները: Իր քարոզին մէջ Հայր Գարեգին գոհունակութիւն արտայայտեց Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ի Պատանեկանը հիւրընկալելու  իմաստով ու մասնաւորապէս շնորհաւորեց Հայր Բարսեղը իր նոր առաքելութեան ստանձնումին կապակցութեամբ, որպէս  անդամ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան:
 
Կէսօրէ ետք անգամ մը եւս հաւաքուեցան հիւրեր, բարեկամներ, ծնողներ Դամասկոսէն ու Քեսապէն՝ գլխաւորութեամբ Հայր Բարսեղի ու Հայր Գարեգինի, Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ի խորհուրդի ու Քեսապի Հ.Կ.Մ Պատանեկան խորհուրդի անդամներու, վանքի մեծ բակին մէջ, ներկայ գտնուելու բանակումի աւարտական հանդէսին, որ սկսաւ բանակումի մասնակցող մօտ 50 անդամներու տողանցքով, որմէ ետք ժողովուրդի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ պատանեկան փոխանցման ու խոստումի արարողութիւն՝ հանդիսաւոր կերպով, ուր ջահակիրներ ու պատանիներ խոստացան ըլլալ հաւատարիմ միութեան սկզբունքներուն ու գործադրել պատանեկանի օրէնքները, նուիրուելու ու պատիւ բերելու ազգին, եկեղեցիին ու համայնքին: Հանդէսի բացման խօսքը կատարեց Շանթ Քէշիշեանը երախտագիտութեան խօսք յայտնելով  բոլոր անոնց որոնք սատարեցին բանակումի յաջողութեան: Ան ներկաներուն յայտնեց թէ բանակումն ու հանդէսը նուիրուած էին Դամասկոսի մէջ Պատանեկանի 15 ամեակին: «Արդարեւ 1992ին ճիշտ այս օրերուն Քեսապի մէջ բանակումի ընթացքին կազմակերպուեցաւ մեր խումբը որպէս Պատանեկան, մաս կազմելով Հ.Կ.Մական ընտանիքի մը որ ունի իր մասնաճիւղերը Պէյրութի ու Քեսապի  մէջ: Ահա այս իսկ պատճառով մեր բանակումի նշանաբանն էր «ՄԵՆՔ ԶՕՐԱՒՈՐ ԵՆՔ ԵՐԲ ՄԻԱՍԻՆ ԵՆՔ», իսկ այսօր կ՝ուզեմ աւելցնել, Մենք զօրաւոր ենք երբ կը յարատեւենք», յայտնեց ան: Ապա ներկաները մեծ հաճոյքով հետեւեցան հանդէսի զանազան բաժիններուն ուր ներկայացուեցան բազմաթիւ հայկական խմբային երգեր որոնցմէ շատերը բանակումի ընթացքին նոր պատրաստուած էին, ինչպէս նաեւ զանազան ծիծաղելի զաւեշտներ, նուագ, հայկական պարեր՝ որոնք  խնամքով պատրաստուած էին պատասխանատուներու կողմէ: Մեծապէս ուրախալի էր նաեւ մասնակցութիւնը Քեսապի Պատանեկանին այս հանդէսին ուր ներկայացուեցավ Ադամ եւ Եւայի արարչագործութեան մեկնաբանութիւնը, անշուշտ զաւեշտալի ձեւով: Հանդիսութիւնը վերջ տաւ բարձր տրամադրութեան մէջ: Ի վերջոյ ձեռամբ Հայր Բարսեղի, բանակումի լաւագոյն ջահակիր ընտրուած Վերժին  Քէշիշեանը, լաւագոյն պատանի Ժանէթա Պուրունսուզեանը ու լաւագոյն պատասխանատուներ Մարգրիտ Վարպետեանը ու Սիլվա Տէր Մեսրոպեանը պարգեւատրուեցան յատուկ վկայագիրներով: Բակման խօսքով  Հայր Բարսեղը  ամփոփեց բանակումի օրերու կատարուած աշխատանքը շեշտը դնելով այն իրողութեան վրայ որ պէտք է կառչած մնանք մեր Ս.Կրօնքին ու մեր հայկականութեան: Վարդապետը յայտնեց թէ շուտով վերջ կը գտնէ իր առաքելութիւնը Դամասկոսի մէջ սակայն, «Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ը միշտ տեղ պիտի ունենայ իմ սրտիս  ու աղօթքներուս մէջ» ըսաւ ան: Հայր Գարեգինը նախքան իր պահպանիչը անգամ մը եւս հաստատեց այն սէրը որ կը տածեն Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակները Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ականներուն հանդէպ, որոնց ժամանումին կը սպասեն ամէն տարի:Կը սիրեն ձեզ ըսաւ վարդապետը քանի որ կը խօսիք հայերէն, կ՝երէք հայերէն ու հորդորեց շարունակել միշտ այդպէս: Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ բանակումի հանդէսը որ իսկապէս  Հ.Կ.Մ.ական տօն մըն էր որու ուրախ կշռոյթին տակ պատանիներն ու ջահակիրները Քեսապէն ու Դամասկոսէն շարունակեցին զուարճանալ, երգել ու պարել մինչեւ ուշ գիշեր: Վարձքը կատար բոլոր անոնց որոնք զոհելով իրենց հանգիստը, նման առիթներ կը ստեղծեն, առողջ մթնոլորտի մէջ դաստիարակելու մեր նոր սերունդը, մեր պատանիները, որոնք ապագային պիտի դառնան մեր համայնքի գործունեայ եւ նուիրեալ զաւակները: 
                                                           


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ