Երկուշաբթի, 3 Յունուար 2011 - Սրբազան քահանայապետը կոչ կ'ուղղէ դրական յանձնառումով գործել խաղաղութեան ի խնդիր


Վատիկան

Շաբաթ 1 յունուար 2011-ի մատուցած պատարագին ընթացքին, խաղաղութեան համաշխարհային 44-րդ օրուան առթիւ, սրբազան Պենետիկդոս ԺԶ. քահանայապետը խրախուսեց ազգերու պատասխանատուները ոչ թէ խօսքով այլ աւելի դրական յանձնառութեամբ գործելու խաղաղութեան ի նպաստ։ Բառերը բաւարար չեն, ընդգծեց սրբազան քահանայապետը , հարկաւոր է որ ամէն անհատ տոքորուած ըլլայ խաղաղութեան ճշմարիտ ոգիով։ Այսօր կ'ուզենք թարգմանը ըլլալ անհամար այրերու, կիներու եւ մանուկներու որոնք երկրագունդի զանազան վայրերու մէջ հարստահարուած են իրենց հաւատքին համար, ասոնց համար կը խնդրենք կրօնքի ազատութիւն, խղճի ազատութիւն։
Յունուար մէկի կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին` հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ` նորին սրբութիւնը անգամ մը եւս անդրադարձաւ խաղաղութեան մասին։ Խնդրենք տիրամօրմէն, ըսաւ նորին սրբութիւնը, որուն տօնն է այսօր, իր Որդւոյն օրհնութիւնը։ Արդարեւ Յիսուս մեր օրհնութիւնն է։ Ան մեզի տուաւ իր սէրն ու կեանքը, ճշմարտութեան լոյսը, մեղքերու թողութիւնը, մեզի տուաւ իր խաղաղութիւնը։ Ան աշխարհին բերաւ խաղաղութեան ու սիրոյ սերմը։ Հեթանոսներու առաքեալը կը բացագանչէ. ''Յիսուս Քրիստոս մեր խաղաղութիւնն է, որովհետեւ Յիսուսի անունը կը գերազանցէ ամէն անուն, կը ներփակէ Աստուծոյ լման տէրութիւնը։ Մենք գիտակից ենք թէ կարելի չէ հաստատել խաղաղութիւնը զէնքով եւ ոչ ալ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային կամ լրատուութեան իշխանութեամբ։ Խաղաղութիւնը պտուղն է այն խիղճին, որ բաց է ճշմարտութեան ու սիրոյ։ Թող Տէրը օգնէ մեզի այս տարւոյն ընթացքին յառաջանալու խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։
Հուսկ սրբազան քահանայապետը յայտնեց թէ յառաջիկայ հոկտեմբերին Ասիզի քաղաքը պիտի երթայ, վերակոչելու իր նախորդին` Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի` 25 տարի առաջ կազմակերպած կրօններու ներկայացուցիչներու հաւաքը, վերանորգելու անոնց յանձնառումը գործելու խաղաղութեան հաստատումին ու իրականացումին համար։ Աղօթքս է, որ աշխարհի բոլոր հաւատացեալները կարողանան ազատօտէն ու հրապարակաւ դաւանիլ ու ապրիլ իրենց հաւատքը։ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով . Բարի ու երջանիկ 2011 տարի։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ