Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2010 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը պատարագէ Թորինօյի մէջ Իտալիա


Թորինօ, Իտալիա

Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2010-ին, առաւօտեան ժամը 7ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Պատարագ մատոյց Յիսուսի վարշամակին առջեւ, Թորինօ, Իտալիա, հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ տասնեակ քահանաներու մասնակցութեամբ, որոնք ժամանած էին աշխարհի չորս կողմերէն:

Ինչպէս նաեւ, երէկ՝ երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայածէս սուրբ Պատարագ մատոյց Թորինօ քաղաքի սրբուհի Թերեզա եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանի, Տէր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեանի, Տէր Թովմաս Կարապետեանի եւ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի աշակերտներուն: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ դպրեվանքի ժառանգաւորները։ Պատարագէն առաջ գերապատիւ Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան, ողջունեց ներկաները եւ կարգ մը լուսաբանութիւններ տուաւ հայ ծէսին մասին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ