Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2009 - «Առաքելութեան փափաքը կը ծագի վերանորոգուած սիրտին մէջ» կÿըսէ Հոգեւոր Տէրը

 

Լիբանան

 

«Առաքելութեան փափաքը կը ծագի վերանորոգուած սիրտին մէջ» կÿըսէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գիւտ նշխարացի տօնին, ապա անդրադառնալով «Քահանայական Տարի»ինն մասին ան ներկայացուց Բարի Հովիւի պատկերն ու տիպարը, «որպէսզի ամէն քրիստոնեայ անոր նայելով հասկնայ եւ քաջաբար կատարէ իր միջավայրին մէջ առաքելութեան գործը»: Ստորեւ Հոգեւոր Տիրոջ արտասանած քարոզը 28 Յունիս 2009ին:

 

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

 

            Ամէն տարի, մեր ծէսը կը յիշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչը 3 գլխաւոր տօներով՝ Ս. Գրիգորին մուտքը վիրապ փոսին մէջ, Ս. Գրիգորին ելքը Վիրապէն եւ Գիւտ Նշխարաց Ս. Գրիգորի տօնը, որ այսօր կը յիշատակենք: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը Հայաստան Աշխարհի եւ բոլոր հայերուն հայրն է եւ պաշտպան Սուրբը: Այս Աթոռանիստ Եկեղեցին իր անունին նուիրուած է միասին Ս. Եղիա մարգարէին հետ:

Եթէ Հայ Ազգը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը դարձաւ քրիստոնեայ կրօնքը որդեգրելով՝ Ս. Գրիգորիին շնորհիւ է:

Եթէ հայ ժողովուրդը չձուլուեցաւ նման ժամանակակից ուրիշ ժողովուրդներու, եւ այսօր մենք տակաւին կանք՝ Ս. Գրիգորի հաստատած քրիստոնեայ կրօնքին կը պարտինք:

Եթէ մենք փառաւոր պատմութիւն մ’ունինք եւ հին ու նոր մատենագրութիւն՝ ատիկա քրիստոնեայ մշակոյթին կը պարտինք:

Եթէ մեծ Հայրապետներ ունեցանք եւ անթիւ սուրբեր ու նահատակներ ունինք երկինքին մէջ, ատիկա Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սերմանած Աւետարանի բարի սերմին կը պարտինք:

Եւ եթէ անցեալին հազարաւոր վանքեր եւ ճգնաւորներ լեցուցին մեր երկիրը, եւ այսօր իսկ տակաւին ունինք ապագայ քահանաներուն պատրաստութեան համար նոր ընծայարաններ մեր ժողովուրդին հոգ հոգւոցը ստանձնելու համար, այդ կը պարտինք Ս. Գրիգորի մեզի ձգած աւանդին եւ բարի օրինակին, ինք՝ որ Ս. Աւետարանը քարոզեց Հայաստանի բոլոր գաւառներուն մէջ, եւ ասոր համար արժանացաւ Լուսաւորիչ տիտղոսին:

            Ինը օր առաջ, Ամենասուրբ Սիրտ Յիսուսի տօնին առիթով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց բացումը Քահանայական Տարիին, Ֆրանսայի Արս գիւղի Ս. ժան Մարի Վիաննէի մահուան 150ամեակին առիթով, որ կոչուեցաւ Փիոս ԺԱ. Սրբ. Քահանայապետի կողմէ բոլոր ժողովրդապետներուն պաշտպան սուրբը: Ըսաւ. «Ձեր աղօթքներուն կը յանձնեմ այս նոր հոգեւոր նախաձեռնութիւնը, որ պիտի յաջորդէ Ս. Պօղոսի Տարիին, որ վերջ կը գտնէ 29 Յունիսին: Թո՛ղ այս նոր Յոբելինական Տարին առիթը ըլլայ խորացնելու քահանայական առաքելութեան արժէքն ու կարեւորութիւնը, եւ Տիրոջմէ խնդրելու որ իր Եկեղեցւոյ համար շնորհէ բազմաթիւ սուրբ քահանաներ» ըսաւ Սրբ. Պապը:

            Քահանայական յոբելինական Տարին հռչակելով, Սրբազան Հայրը կը փափաքի յատուկ կարեւորութիւն տալ աշխարհի բոլոր քահանաներուն եւ իրենց ըսել թէ որքան զիրենք կը սիրէ եւ անոնց հոգը կը տանի, որպէսզի ամէն քահանայ ուրախութեամբ ապրի իր կոչումը եւ եռանդով կատարէ իրեն յանձնուած առաքելութիւնը:

            Սրբ. Պապը լաւ գիտէ որ աշխարհի վրայ ծագած են շատ աղանդներ եւ նոր աստուածամերժ մշակոյթներ ու գաղափարականներ, որոնք հսկայական քայլերով կը տարածուին ամէն միջավայրին մէջ եւ դժուար մարտահրաւէրներ կը հանդիսանան քահանաներուն՝ իրենց հովուական գործին նկատմամբ: Նպատակը չէ այսօրուան աշխարհը դատապարտել, այլ փրկել՝ զայն մօտեցնելով Յիսուսին, այսինքն սխալ ուղիէն առաջնորդել դէպի ուղիղ ճամբայ լուրջ փաստարկութիւններով եւ մեծ համբերութեամբ:

            Ոմանք կրնան առարկել թէ այս հարցերը քահանաներուն կը յային եւ ինչո՞ւ համար Սրբ. Քահանայապետը համայն քրիստոնեաներուն կոչ կ’ընէ: Պատասխանը յստակ է: Նախ եւ առաջ, առաքելութիւնը միմիայն քահանային գործը չէ, այլ՝ ամէն համոզուած քրիստոնեային մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ: Կան այսօր բազմաթիւ շարժումներ, որոնց անդամները մէյ մէկ առաքեալ դարձած են իրենց միջավայրէն ներս: Այս յոբելեանը առիթ կու տայ ամէն հաւատացեալին, որ յատուկէն աղօթէ քահանաներուն համար եւ իր ժողովրդապետին օգնական դառնայ առաքելական գործին մէջ իր կարողութեան չափով: Քրիստոնեայ հասարակութեան կ’իյնայ նաեւ քաջալերել քահանայական կոչումները, որպէսզի Աւետարանի լոյսը սփռուի ամէն ընտանիքին մէջ եւ մանաւանդ երիտասարդ երիտասարդուհիներուն մօտ, որոնք անոր շատ ծարաւի են:

            Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին կ’ըսէ. «Եթէ փողոց քալած ժամանակ հանդիպիմ քահանայի մը եւ հրեշտակի մը, նախ քահանային կը բարեւեմ, անկէ վերջ՝ հրեշտակին: Ինչո՞ւ համար: Որովհետեւ, կ’ըսէ սուրբ Ֆրանչիսկոս, քահանան է որ մեզի կու տայ Քրիստոսը՝ Ս. Հաղորդութեան մէջ»: Անկէ կ’ուզէ հասկցնել թէ որքան մեծ է շնորհքը սուրբ Հաղորդութեան պաշտօնեայ ըլլալ: Դուք լաւ գիտէք որ Ս. Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքն է, որովհետեւ ան անհրաժեշտ սնունդը կու տայ քրիստոնէաբար կարենալ ապրելու համար այս դժուարին ժամանակներուն մէջ:

            Նոյնպէս՝ քահանան պաշտօնեայ է հաշտութեան խորհուրդին՝ որ է խոստովանանքը, որով ապաշխարող մեղաւորը կը հաշտուի Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հետ:

            Քահանան ունի ուրիշ բազմաթիւ պարտականութիւններ, որոնցմէ գլխաւորը՝ սուրբ Աւետարանի քարոզութիւնը: Որովհետեւ ամէն մարդ իրաւունք ունի ճանչնալու Յիսուսը եւ գիտնալու թէ Ան զինք անհունօրէն կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ ամէն մարդ խաղաղ կեանք ունենայ եւ երջանիկ ապրի: Յիսուս մեզմէ բան չի պահանջեր, այլ կը խնդրէ միմիայն որ մեր սիրտը բանանք իր խօսքին եւ ընդունինք իր սէրը:

            Ո՞վ յանձն պիտի առնէ այս շատ կարեւոր եւ հսկայական աշխատանքը կատարելու: Եպիսկոպոսը եւ քահանան անշուշտ, բայց նաեւ բոլոր հաւատացեալ աշխարհականները, որոնք համոզուած են Յիսուսի սիրոյն եւ Անոր փրկութեան ծրագրին: Անոնք ամէն տեղ կրնան մտնել, ուր երբեմն մատչելի չէ կղերականին համար:

            Պէտք է նկատի ունենալ որ կղերականներուն թիւը շատ նուազած է մեր համայնքին մէջ եւ նոր առաքելութիւններ բացուած են, Հայաստան, Վրաստան եւ մանաւանդ Ռուսաստան, ուր կարիքը կայ տասնեակ քահանաներու: Մենք մեծ անձկութեամբ կը հետեւինք այս մտահոգիչ պարագաներուն, բայց առանց յուսահատելու, դնելով մեր յոյսը Ամենաբարին Աստուծոյ նախախնամութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ձեր աղօթքներու եւ անձնուիրումի վրայ, որովհետեւ եկեղեցականը առանց աշխարհականներու չի կրնար ամէն տեղ հասնիլ:

            Ուստի, Քահանայական Տարին, ինչպէս որ Սրբ. Պապը կը պատուիրէ, վերապահուած չէ միայն քահանաներուն, այլ՝ բոլոր քրիստոնեաներուն: Այս իմաստով, Սրբ. Հայրը կ’ըսէ. «Եթէ ընդհանուր Եկեղեցին միսիոնար է, ամէն քրիստոնեայ՝ շնորհիւ Մկրտութեան եւ Դրոշմի ստացած Ս. խորհուդներուն՝ պատուէր ունի իր հաւատքը հռչակելու»: Առաքելութեան փափաքը կը ծագի վերանորոգուած սիրտին մէջ, երբ հաւատացեալը Քրիստոսի հետ հանդիպում ունենայ, ինչպէս պատահեցաւ Ս. Պօղոսին եւ իրմէ ետք հազարաւոր ուրիշ քրիստոնեաներուն, մինչեւ մեր օրերը:

            Որով, Սրբ. Պապը կը խնդրէ հաւատացեալներէն, որ դրական եւ մեծ յոյսով նային եկեղեցականներուն, որոնք իրենց հովուական պաշտօնը կը կատարեն երբեմն դժուար, չ’ըսելու համար հերոսական պայմաններուն մէջ:

            Բոլորիս մեծ իտէալը՝ Յիսուս Քրիստոսն է, որ ինքզինք կոչեց Բարի Հովիւ, որպէսզի ամէն քրիստոնեայ անոր նայելով հասկնայ եւ քաջաբար կատարէ իր միջավայրին մէջ առաքելութեան գործը՝ տեղւոյն հովիւին ուղղութիւններուն համեմատ եւ անոր հետ միասին: Խնդրեն՛ք Ս. Կոյս Մարիամէն, որ է Թագուհի Առաքելոց, որ մեզ հովանաւորէ առաքելական ազնուական գործին մէջ. Ամէն:

           


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ