Կիրակի, 18 Ապրիլ 2010 - Հայրապետական Պատարագ Պետողլեան Եպիսկոպոսի յիշատակին

Պէյրութ, Լիբանան

Կիրակի, 18 Ապրիլ 2010, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայրապետական Պատարագ մատոյց ի յիշատակ երջանկայիշատակ հայր Անդրէաս Եպս. Պետողլեանին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ: Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան Արհի. Գուսա Արքեպիսկոպոսը, Տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան եւ Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեան: Ինչպէս նաեւ ներկայ էին հանգուցեալին պարագաները եւ հարազատները:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հանգուցեալ Գերապայծառին առաքինութիւններուն մասին, եւ խնդրեց հաւատացեալներէն, որ աղօթեն նոր կոչումներու համար:

Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց եկեցեցւոյ «Կիլիկիա» երգչախումբը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ