Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2012 - Հաղորդագրութիւն


Զմմառ

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը պատմական այցելութիւն մը պիտի կատարէ Զմմառու Աստուածամօր վերափոխման վանք` հիւրընկալութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Սրբազան քահանայապետը Զմմառու վանք պիտի ժամանէ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին: Ներկայութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, Պշարա Ռայի մարոնի պատրիարքին, պապին ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, հայ կաթողիկէ նուիրապետական եւ կղերական դասի ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալներուն, սրբազան քահանայապետը պիտի օրհնէ հայ տպագրութեան առաջին մատեանին` «Ուրբաթագիրք»-ին տպագրիչ հրատարակիչ Յակոբ Մեղապարտի նորակերտ արձանը, որ կառուցուեցաւ հայկական տպագրութեան երախայրիքին 500-ամեայ յոբելեանին առիթով: «Յակոբ Մեղապարտ» անդրիին քանդակագործն է լիբանանահայ Րաֆֆի Ետալեան, իսկ մեկենասներն են ամերիկահայ Լուի եւ Ուիլիըմ Աբիկեան եղբայրները:
Արարողութեան աւարտին, սրբազան քահանայապետը, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները, ինչպէս նաեւ պապին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները, վանաբնակ վարդապետները եւ նորընծաները հիւրը պիտի ըլլան միաբանութեան վարչութեան սարքած ագապին, որ տեղի պիտի ունենայ «Ս. Միքայէլ» ընծայարանի ճաշասրահին մէջ: Անոր ընթացքին, ողջոյնի խօսքը պիտի ուղղէ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը: Հանդիպումը պիտի փակուի սրբազան քահանայապետին պատգամով եւ օրհնութեամբ:

Ապա, Բենեդիկտոս ԺԶ.  պիտի ուղղուի Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի նստավայրը` Հարիսա, պատրաստուելու համար Պքերքէի մէջ նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունենալիք երիտասարդական հանդիպումին:

Լիայոյս ենք, որ սրբազան քահանայապետին Զմմառու վանք օրհնաբեր այցելութիւնը պիտի հանդիսանայ կարեւոր հանգրուան մը մայրիներու երկիր կատարելիք իր այցելութեան` սիրոյ, խաղաղութեան եւ եկեղեցիներու ու համայնքներու համերաշխ գոյակցութեան իր պատգամներով առաւել զօրացնելու համար բոլորիս կառչածութիւնը Լիբանանին եւ անոր առաքելութեան:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆ
ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆ


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ