Երեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2010 - Մեսրոպեան վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի բացում եւ բարերար Վարուժ Ներկիզեանի պարգեւատրում

 

Պուրճ Համմուտ

 

Հովանաւորութեամբ
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, երեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի բակին մէջ գտնուող Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։

 

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներէն՝ Ցոլին Շահինեան, որ նշեց, թէ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին բացումով վարժարանը կարձանագրէ նոր ձեռքբերում մը, որ վստահաբար յառաջիկայ աշխատանքներուն պիտի տայ նոր եռանդ ու կորով։ Շահինեան ըսաւ, որ երեխաներուն առողջ դաստիարակութիւնը այսօր աւելի քան երբեք դարձած է ապահով եւ արդիական։

 

Ապա հայ կաթողիկէ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Բլբուլ» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, երգեց սուրբ Ծննդեան երկու երգեր, որոնցմէ ետք մանկամսուրէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը։

 

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինէն ետք, «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէն Սալբի Մուղալեան արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ նշեց, թէ կատարելագործման առաջնորդուող «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը աշխատանք պիտի տանի երեխաներուն մօտ կերտելու ինքնագնահատումն ու յարգանքը, մշակութային իւրայատկութիւնները, անկախութիւնը եւ անհատական ուժերը։ Մուղալեան աւելցուց, որ մանկամսուրին ուսուցիչները իրենց ստացած մանկավարժական կրթութեամբ եւ փորձառութիւններով լաւագոյնը պիտի փոխանցեն երեխաներուն։ Սալբի Մուղալեան իր խօսքը եզրակացնելով ըսաւ. «Ապահո՛վ զգացէք ձեր զաւակները ուղարկելով «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուր»։

 

Ներկաները դիտեցին «Ա. Ներկիզեան» մանկամսուրին նպատակին, ընձեռած կարելիութիւններուն, սպասարկութիւններուն ու բարերարին մասին տեսաերիզ մը, որմէ ետք հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան ընթերցեց Մոնրէալի հայ կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գէորգ ծ. վրդ. Զապարեանի ուղերձը, որուն մէջ գրուած էր, թէ Ալիս Ներկիզեանի անունը պիտի յաւերժացնէ նորաբաց մանկամսուրը, որ բացայայտ եւ լուսաւոր վկայութիւնն է իր ազնուափայլ վեհանձնութեան։ Հայր Զապարեան իր ուղերձին ընդմէջէն յոյս կը յայտնէ, որ յառաջիկային ուրիշներ ալ մաս կազմեն Ներկիզեան ընտանիքին ծառայութիւններուն, որպէսզի Մեսրոպեանը շարունակէ իր վերելքը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդին։

 

Հանդիսութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի մնայուն բարերար Վարուժ Ներկիզեան, որ իր մօր՝ Ալիս Ներկիզեանի զոհողութիւնը գնահատեց՝ հաստատելով, որ այդ նուիրագործութեան ուղին իր զաւակներն ու թոռնիկները կը շարունակեն։ Ներկիզեան յայտնեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է Մեսրոպեան վարժարանին մէջ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը ստանձնելն ու իրականացնելը։ Վարուժ Ներկիզեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր մօր՝ իր զաւակներուն նկատմամբ իր ունեցած ծառայութեան համար։

 

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով մանկամսուրի աշակերտները երգեցին հայերէն ու ֆրանսերէն տօնական ուրախ երգեր։

 

Ապա խօսք առաւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Ալիս Ներկիզեանը արժանի է, որ իր անունով կոչուի կրթութեան երկար ճամբու առաջին հունտերը ցանող մանկամսուր մը՝ իր անունին ընդմէջէն անմահացնելով նուիրեալ ու զոհուած հայ մայրերը։ Գալուստ ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանին համար մանկամսուրին անմիջական կառուցումը անհրաժեշտութիւն մըն էր, որ իրականացաւ շինարարական, ձեւաւորման եւ կահաւորման լաւագոյն միջոցներով ու որակաւոր, արհեստավարժ ու ատակ անձնակազմով։

 

Կրեկուար Գալուստ բարերար Վարուժ Ներկիզեանին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարաշի հայրենակցական միութեան, որ կառուցած էր վարժարանի ծածկապատ միջանցքը։

 

Ձեռնարկին նաեւ հայր Գէորգ վրդ. Եղիայեան կարդաց Պենետիկտոս ԺԹ. պապին կողմէ Ալիս Ներկիզեանին ուղղուած օրհնութեան գիրը։ Օրհնութեան գիրին մէջ սրբազան քահանայապետը էապէս կը գնահատէ Ներկիզեանի՝ կրթութեան նկատմամբ ունեցած հոգածութիւնն ու ծառայողական բարձր ոգին։

 

Հանդիսութեան աւարտին Կրեկուար Գալուստ եւ Սալբի Մուղալեան Ալիս Ներկիզեանին յանձնեցին մանկամսուրի աշակերտներուն պատրաստած ու վարժարանին յուշանուէրները։ Յանձնումի արարողութեան յաջորդեց բացման աւանդական արարողութիւնը, մինչ «Բլբուլ» երգչախումբը տօնական երգերով ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ։

 


Բարերար
Վարուժ Ներկիզեանի պարգեւատրում հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ

 

«
Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին բացումէն ետք, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Վարուժ Ներկիզեանի պարգեւատրման հանդիսութիւն մը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, որ մեծապէս գնահատեց Վարուժ Ներկիզեանին նուիրական գործունէութիւնը՝ անցեալին հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին «Աբրահամ Ներկիզեան» գրադարանը նորոգելով ու ներկայիս «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը ստեղծելով։

 

Հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին օրհնութեան գիրը, որուն մէջ նշուած է, թէ Վարուժ Ներկիզեան ազգասէր եւ եկեղեցասէր մարդ մըն է, որ հետեւողական ինքնաշխատութեամբ հասած է դիրքերու։ Այս առիթով, Հոգեւոր տէրը «սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը յանձնեց բարերար Ներկիզեանին։

 

Վարուժ Ներկիզեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, որ ինք հպարտ է, որ մաս կը կազմէ հայ կաթողիկէ համայնքին ու լիբանանահայութեան, սակայն միշտ պատրաստ է ծառայելու բոլորին։ Ներկիզեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային եւս կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն։

 

Իր կարգին, Հոգեւոր տէրը հաստատեց, որ Ներկիզեանին ճիգերը սովորական նպատակներ չեն հետապնդեր, այլ՝ կը միտին նպաստել նորահաս սերունդներու ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան։ Ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը աւելցուց, որ Մեսրոպեան վարժարանին նկատմամբ Ներկիզեանին ունեցած գուրգուրանքը ծառայութեան լաւագոյն օրինակն է, որ արժանի է համապատասխան գնահատանքի։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ