Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2012 - Հալէպի «Սուրբ Խաչ» Եկեղեցւոյ վերանորոգման առթիւ հայրապետական սուրբ Պատարագ


Հալէպ

Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց Հալէպի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 12 փետրոաւրին, սոյն եկեղեցւոյ վերանորոգման առիթով։
Հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին ընթացքին արհիապատիւ գերապայծառը աւուր պատշաճի իր խօսքին մէջ վեր առաւ սոյն եկեղեցւոյ ժողովուրդապետին՝ գերապատիւ հայր Ներսէս վրդ. Զապարեանին, փոխ ժողովրդապետ՝ հայր Անտոն վրդ. Թահանեանին եւ բարեսիրական յանձնախումբի ջանքերը եկեղեցւոյ վերանորոգումին համար, նաեւ վեր առաւ հաւատացեալներուն ամուր հաւատքն ու նուիրումը՝ որպէսզի եկեղեցին միշտ մնայ ամենագեղեցիկ վիճակի մէջ, ոչ միայն քարեղէն եկեղեցին այլեւ «հոգեւորը» որ ունի իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր սրտին մէջ։
Այս առթիւ գերապայծառը յորդորեց բոլորը, միշտ հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին ու կապուած՝ եկեղեցւոյ։
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան, ժողովրդապետը՝ հայր Ներսէս վրդ. Զապարեան, փոխ ժողովրդապետը եւ ժողովրդապետութեան խորհուրդը ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորութիւննլերը «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ