Հինգշաբթի, 25 Յուլիս 2013 - Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Րիոյի թմրամոլութեան բուժարանը

Րիօ Տը Ճենեյրօ

24 յուլիս 2013, Չորեքշաբթի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Րիոյի «Աստուածային Նախախնամութեան Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացի□ի անուան հիւանդանոցը եւ այնտեղ արտասանած իր խօսքին մէջ  բուժարանը որակեց  □մարդկային տառապանքի սրբավայր», յիշեցնելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հանդիպումը թոքախտէ տառապող հիւանդին հետ։ ‏«Ան -ըսաւ Սրբազան Հայրը- հասկցաւ թէ իսկական ուրախութիւնը չի կայանար աշխարհի ինչքեր եւ կուռքեր դիզելու մէջ, այլ Քրիստոսի եւ ուրիշներու ծառայելու մէջ։ Այդ տառապեալ, անտէր եղբայրը Սուրբ ֆրանչիսկոսի համար եղաւ □լոյսի միջնորդ» («Հաւատոյ Լոյս» շրջաբերական նամակ, գլուխ 57)։

Սրբազան Քահանայապետը  խօսեցաւ աշխարհի մէջ սիրոյ ու խնամքի կարօտ իրողութիւններու մասին, միջազգային հասարակութենէն պահանջելով քաջ կեցուածք մը։ «Թմրեցուցիչներու գործածութիւնը ազատ դարձնելով չէ որ կրնանք սահմանափակել թմրամոլութիւնը, այլ հարկ է երիտասարդները դաստիարակել այն արժէքներով որոնք հասարակական կեանքի հիմքն են, օգնելով անոնց որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին ու անոնց ներշնչելով ապագայի յոյս» ըսաւ Ան։

Ապա, Սրբազան Հայրը յարեց.- «Մեր ձեռքը երկարենք անոնց որոնք դժուարութեան մէջ են եւ խաւարի մէջ ընկղմած են։ Բոլոր անոնց որ քաջութիւնը չունին ազատութեան ճամբան ընդգրկելու՝ ըսենք.-  Դէպի քեզի երկարած ձեռք մը պիտի գտնես որ  կ'ուզէ քեզի օգնել, սակայն ո՛չ մէկը կրնայ վերականգնումը կատարել քու տեղդլ։ Երբե՛ք միայնակ չէք։ Եկեղեցին ու շատ մը անձեր ձեզի մօտիկ են։ Մի՛ թողուք որ յոյսը կողոպտեն ձեզմէ։ Բոլորս դառնանք Յոյսի պատգամաւորներ։ Հոս, այս հիւանդանոցին մէջ թող բարի սամարացիի առակը իրականանայ։ Հոս չկա՛յ անտարբերութիւն, այլ ուշադրութիւն, չկա՛յ անհոգութիւն, այլ սէր»։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա եզրափակեց իր խօսքը. «Եկեղեցին հեռու չէ ձեր հոգերէն, այլ ձեզի կ'ըկներանայ սիրով»։

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/07/25/%D6%86%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%B9%D5%AB%D5%BD%D5%AF%D5%B8%D5%BD_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%AB_%D5%AD%D6%85%D5%BD%D6%84%D5%A8_%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%B8%D6%82%D5%A1%D5%AE%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6_%D5%B6%D5%A1%D5%AD%D5%A1%D5%AD%D5%B6%D5%A1%D5%B4%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%BD%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%A2/arm-713518
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ