Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2010 - Հայր Վէնսանդ Մըսդըրիհի Վարդապետական Գաւազանի տուչութիւն

 

Գահիրէ

 

Կիրակի 3 հոկտեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 7-ին, Գահիրէի Վերոափոխման սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ մէջ,  սուրբ Պատարագի զոհի ընթացքին, ձեռամբ Արհիապատիւ տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի առաջնորդ Աղէքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց, հայր Վէնսանդ Մըսդրիհ վարդապետական գաւազան ստացաւ: Սոյն արարողութեան  ընթացքին լանջախաչ եւ վարդապետական մատանի ալ տրուեցաւ իրեն:

Արարողութեան նախագահն էր տէր Ատէլ եպիսկոպոս Զագի Եգիպտոսի լատիններուն առաջնորդը, ներկայ էր նաեւ Կաթողիկէ Ղպտիներուն Պատրիարքը Տէր Անդոնիոս Նակիպ:

Հանդիսաւոր վարդապետին քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին առթիւ ալ խուռներամ բազմութին մը կար յիսուսեան, ֆրանչէսկեան վարդապետներու, եւ նուիրեալ քոյրերու, որոնց մէջ էին նաեւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Հայր Վէնսանդ Մըսդըրիհ ծնած է Գընայէ (Սուրիա), ապա անդամակցած է Ֆրանչէսկեան կրօնաւորներուն. իր իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ուսմունքները Հռոմ ստանալով,  Գահիրէ կը դառնայ եւ իրենց միաբանութեան վանքի գրադարանի տիտաններէն մին ըլլալով, հայկական բաժնի մասնագէտ կը դառնայ:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ