Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2005 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Սբ. Վարդանի Շքանշանով Պարգեւատրեց Դեսպան Արեգ Յովհաննիսեան

Լիբանանի մէջ իր չորսամեայ պաշտօնավարութեան աւարտին առիթով, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արեգ Յովհաննիսեան Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2005, կէսօրէն առաջ հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Թեմի ընդհանուր փոխանորդ՝ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, Արժանապատիւ Հայրեր, Առաքինափայլ Քոյրեր, պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար Մեթր Ժագ Չուխատարեան, դեսպան Դոկտ. Վաչէ Նիւրբեթլեան եւ հայ կաթողիկէ երեւելի անձնաւորութիւններ: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ յետադարձ ակնարկ մը նետելու Հայաստանի Դեսպանութեան անցնող չորս տարիներու ընթացքին ծաւալած բեղուն գործունէութեան վրայ, որ նպաստեց Հայաստան-Լիբանան եղբայրական կապերու եւ տնտեսական, առեւտրական, մշակութային համագործակցութեան զարգացումին, ինչպէս նաեւ Մայր Հայրենիքին հետ լիբանանահայութեան առաւել զօրակցութեան:

Դեսպան Յովհաննիսեան գոհունակութիւնը յայտնեց այն ջերմ հիւրընկալութեան համար որուն արժանացաւ Լիբանան ժամանած պահէն սկսեալ եւ ցաւ յայտնեց որ իրեն համար շատ սիրելի դարձած այս երկիրը դժուար պայմաններու ներքեւ կը գտնուի իր հրաժեշտի օրերուն:

Առ ի գնահատանք իր արդիւնաշատ գործունէութեան, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Սուրբ. Վարդանի Պատրիարքական Շքանշանով պատուեց Ն.Վ. Դեսպան Արեգ Յոսհաննիսեանը: Նախքան պարգեւատրումը խօսք առնելով, Արհի. Հ. Վարդան Աշգարեան գնահատեց Պր. Յովհաննիսեանին չորսամեայ աշխատանքը Լիբանանի մէջ:

Յետ պարգեւատրումին՝ իր արտասանած շնորհակալութեան խօսքին մէջ, յատկապէս յուզուած, Պր. Յովհաննիսեան երախտագիտութիւնը յայտնեց իր Լիբանան ժամանած առաջին իսկ օրէն Հայաստանի դեսպանութեան հանդէպ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ Համայնքին ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան համար: Ան նշեց որ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտին կողմէ կատարուած իր պարգեւատրումը համայն Լիբանանահայութեան տրուած բարձր գնահատանք մըն է: Եւ վերջապէս, Ն.Վ. Դեսպանը վստահեցուց որ ուր ալ պաշտօնակոչուի ինքզինք պիտի նկատէ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին Ներկայացուցիչը:
Յաւարտ պարգեւատրումի արարողութեան, Դեսպանը իր կարգին յուշանուէրներ յանձնեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ, որմէ ետք մտերիմ զրոյց մը տեղի ունեցաւ Պր. Յովհաննիսեանին եւ ներկաներուն միջեւ: Զրոյցին գլխաւոր նիւթը եղաւ երկքաղաքացիութեան խնդիրը: Դեսպանը յոյս յայտնեց որ երկքաղաքացիութեան մասին օրէնքը շուտով կ’որդեգրուի:

Այցելութիւնը վերջ գտաւ բարեմաղթանքներու փոխանակումով եւ Լիբանանին ամբողջական խաղաղութեան Պր. Յովհաննիսեանի մաղթանքով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ