Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2012 - Հսկումի Երեկոյ hայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ


Պէյրութ

Երկուշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Մեծ եղեռնի յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին, նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ նախագահութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքի։ Հսկումին ներկայ գտնուեցան հոգեւոր եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց Սարմէ Մինասեան, իսկ արաբերէնով` Թամար Գասապեան:

Անոնք յայտնեցին, որ 97 տարիներ ետք մենք տակաւին կը շարունակենք մեր երթն ու պահանջատիրութիւնը, եւ այդ հսկումը նուիրեցին 97 տարիներ առաջ իրենց կեանքը զոհած բիւրաւոր նահատակներուն, որպէսզի մենք ապրինք իրենց ժառանգած իմաստութեամբ:

Օրուան խօսքը արտասանեց Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ Ռաֆայէլ Ումուտեան: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդներ իրենց պատմութեան կարեւոր թուականները կը յիշատակեն մեծ շուքով` նոր տեսլականներով դիմաւորելու կեանքի մարտահրաւէրները: Ան այս տարուան կարեւոր դէպքերէն նկատեց վատիկանի արխիւներու բացումը: Թրքական կառավարութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներ կը բանեցնէ անհատներու եւ իշխանութիւններու վրայ, որովհետեւ գիտէ, որ այդ արխիւներուն մէջ կան իրականութիւններ, որոնք կրնան բացայայտել Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը: Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ մեր դատը միայն մենք կրնանք պաշտպանել, եւ կոչ ուղղեց բարեսիրական հաստատութիւններուն, որ նիւթական նպաստներ յատկացնեն ուսանողներու, որոնք իրենց կարգին պատմաբաններ եւ դիւանագէտներ դառնալով պաշտպանեն մեր իրաւունքները: «Մեր ուժը միութեան մէջ է», ըսաւ Ումուտեան:

«Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, մեկնաբանեց փունջ մը հայրենասիրական երգեր՝ «Pour toi Armenie», «Հզօր Հայաստան» եւ «Ախ Հայաստան»։

Ապա խօսք առաւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, որ նշեց, թէ նահատակ բառը նուիրական է եւ ըսաւ. «մենք չենք ուրանար մեր հաւատքը, հայ է մեր անունը եւ Քրիստոս է մեր հաւատքը. մեր նահատակները քալեցին դէպի մահը` մեր կամքն ու Քրիստոսի հաւատքը իրենց սրտերուն մէջ»: Ան շարունակեց ըսելով. «97 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն եւ տակաւին թուրքը հարցականի տակ կ՛առնէ այդ իրողութիւնը», աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուած ժխտումի քաղաքականութեան մենք դէմ կը դնենք մեր յիշողութեամբ ու գոյատեւումով:

Քանոնի վրայ Իման Հոմսի նուագեց □Երազ Արաքս գետի ափին□ ստեղծագործութիւնը, որ յօրինած էր ու մշակած քանոնի համար եւ նուիրած հայ ժողովուրդին:

Այնուհետեւ արաբերէնով խօսք առաւ Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան: Ան նահատակներուն անունով հսկումին իւրաքանչիւր ներկայի շնորհակալութիւն յայտնեց եւ Քրիստոսի յարութեան եւ Եղեռնէն հայ ժողովուրդի վերապրումին միջեւ զուգահեռներ գծեց:

«Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը ղեկավարութեամբ տոքթոր Եդուարդ Թորիկեանի, այս առիթով երգեց «Տէր Կեցո դու զՀայս» մեկնաբանութեամբ՝ Միրէյ Սաղպազարեան Քիւքճեանի (դաշնաւորում՝ Մակար Եկմալեանի), «Երանելի Մալոյեան» մեկնաբանութեամբ՝ Աւետիս Ագրապեանի (խօսք՝ հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի, երժշ՝ Ե. Թորիկեանի) եւ «Երգ պահանջատիրութեան» դաշնաւորում՝ Թամար Գասապեանի (խօսք՝ Շահանդուխտի, երժշ՝ Ե. Թորիկեանի)։

Ապա հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ֆրանսերէնով ներկայացուց վկայութիւններ` քաղուած վատիկանեան վաւերաթուղթերէն Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան փակման խօսքին մէջ ոգեկոչեց հայուն կամքն ու գոյատեւելու պայքարը` շեշտելով, որ 97 տարիներ ետք հայուն պահանջատիրութիւնը կը շարունակուի, մինչեւ հասնի իր նպատակին:

Հսկումի արարողութիւնը փակուեցաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի օրհնութեան աղօթքով:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ