Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2013 - Հ. Կ. Պատրիաքարանի «Կռունկ» երգչախումբը մասնակցեցաւ «Voices in Harmony» երաժշտական փառատօնին

Քասլիք, Լիբանան

25-27 հոհկտեմբեր 2013, Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի երաժշտութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Voices in Harmony» երաժշտական փառատօնը, համալսարանի «երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.»ի անուան սրահին մէջ: Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիաքարանի «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավառութեամբ՝ Դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:

Փառատօնի բացման` ներկայ գտնուեցան ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ՝ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, ինչպէս նաեւ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան եւ «Կռունկ» երգչախումբի անդամ՝ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան:

Փառատօնին եռօրեայ յայտագիրը, բացի երգչախումբերու ելոյթներէն, ընդգրկեց նաեւ երաժշտագիտական դասախօսութիւններու շարք մը մասնակցութեամբ լիբանանցի եւ օտար երաժշտագէտներու:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ