Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Արտասովոր Դրուագներու Թուականը` Հոկտեմբեր 13…


Սիրելի՛ ընթերցող, ողջոյննե՜ր Հայաստանէն, ուրկէ այս անգամ կը պատմեմ քեզի քանի մը դրուագներ այն անհաւատալի դէպքերէն, որոնք դիպեցան այսօր ճիշդ 97 տարիներ առաջ Փորթուգալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ: Անոնց մասին կը գրեմ, որովհետեւ հարցնողները բազմաթիւ են, նաեւ` մեր սիրապաշտելի հայրենիքին մէջ:
«Անհաւատալի՛» որակական ածականը կը շեշտեմ հոս` քեզի հետ զգալու համար, որ թերեւս չհաւատաս, քանի ես ալ սկիզբը չհաւատացի, ինչպէս ալ շատեր դեռ չեն հաւատար մինչեւ այսօր: Ազատ ես: Ազատ են: Իմ կարգիս, սակայն, ես ալ ազատ եմ. ուստի, ե՛ս կը հաւատամ եւ հաւատքի՛ս համեղ պտուղը կը ճաշակեմ ամէն օր:
Թուականն էր 13 հոկտեմբեր 1917: 13 մայիս 1917-էն սկսեալ, ամիսը մէկ անգամ, Աստուածամայրը կը տեսնուէր ու կը խօսէր երեք հօտաղներու, որոնց անուններն էին` Լիւսիա (10 տարեկան), Յակինթա (9 տ.) եւ Փրանկիսկոս (7 տ.): Վերոյիշեալ թուականը վեցերորդ ու վերջին տեսակցութիւնն էր: Ի՞նչ պատահեցաւ այդ օրը…
Իր խոստումին համաձայն, Մարիամ Սուրբ Կոյսը` «Լուսաճաճանչ Գեղուհին», ատենին եւ նոյն տեղը երեւցաւ իր ընտրեալներուն, որոնց ուղղած խօսքերէն կը մէջբերեմ. «Ես Վարդարանի Տիրամայրն եմ. ի պատիւ ինծի կառուցելու էք մատուռ մը: Ամէն օր աղօթեցէ՛ք վարդարանը: Պատերազմը պիտի վերջանայ եւ զինուորները շուտով տուն պիտի վերադառնան:
«Մարդերը պէտք է սրբագրեն իրենք զիրենք եւ ներում խնդրեն իրենց մեղքերուն համար: Այլեւս մի՛ նախատէք Աստուած, Տէրը, որ արդէն այնքան շատ նախատուեցաւ»:
Ապա Աստուածամայրը, որ վերջին նախադասութեան ատեն տխրեցաւ, բացաւ իր ձեռքերը եւ հայելացուց զանոնք արեւուն մէջ: Մինչ կը վերանար, անոր լոյսը տարածուեցաւ արեւին վրայ: Այս ակնթարթին Լիւսիա բացագանչեց. «Նայեցէ՛ք արեւին»:
Աստուածածինն արդէն աներեւութացած էր երկնակամարին անվերջանալի հեռաւորութեան մէջ, երբ երեք պատկերացումներ դիպեցան տեսանողներուն աչքերուն առջեւ: Առաջինը կը ներկայացնէր վարդարանին «Ուրախութեան խորհուրդները», երկրորդը` «Տրտմութեան խորհուրդները» եւ երրորդը` «Փառաւորութեան խորհուրդները»:
Միջանկեալ իմացնեմ վարդարանեան մանրամասնութիւն մը ԺԶ. դարէն, որ կը շոյէ հայու մեր արդար հպարտանքը: Հայրենի պատմական հողերուն վրայ մեր նախնիներէն բիւրաւոր մարեմասէրներ, իբրեւ առաջիններն Արեւելքին մէջ, կ՛աղօթէին վարդարանը` մտածելով երկուշաբթի, երեքշաբթի ու շաբաթ` «Ուրախութեան խորհուրդները», չորեքշաբթի եւ ուրբաթ` «Տրտմութեան խորհուրդները», հինգշաբթի ու կիրակի` «Փառաւորութեան խորհուրդները»:
Արեւին քով երեւցաւ Ս. Ընտանիքը` Յիսուս Մանուկը շալկած Ս. Յովսէփ ու Մարիամ` Վարդարանի Տիրամայրը: Կուսամայրը սպիտակ հագուստին վրայ ունէր կապոյտ վերարկուն: Խնամակալ Հայրը նոյնպէս սպիտակազգեստ էր, իսկ Յիսուս Մանուկը հագած էր բաց կարմիր: Ս. Յովսէփ օրհնեց բազմութիւնը` երեք անգամ խաչակնքելով: Նոյնն ըրաւ աստուածային Մանուկը:
Այս եւ այլ զարմանահրաշ տեսարաններու ընթացքին կ՛անձրեւէր 50-է մինչեւ 70 հազար հոն հաւաքուածներուն վրայ, որոնք, սակայն, անդրադարձան, թէ իրենց զգեստները չորցած էին տեսիլքին վերջաւորութեան…
Լիւսիայի բացագանչումին, թէ` «նայեցէ՛ք արեւին», ամպերը բաժնուեցան իրարմէ, այնպէս որ, ներկաները կրցան տեսնել արեւը` իբրեւ հսկայ սկաւառակ մը արծաթեայ: Երբեք այսպէս զօրաւոր չէր ճառագայթած եւ սակայն չարտացոլաց կուրցնելով զանոնք: Այս տեսարանը տեւեց միայն ակնթարթ մը. ապա շատ խոշոր սկաւառակը սկսաւ «պարել»: Ինչպէս վիթխարի հրանիւ մը` արեգակը դարձաւ բարձր արագութեամբ. պահ մը կեցաւ, ապա ինքնիր շուրջ սկսաւ դառնալ գլխապտոյտ պատճառող աներեւակայելի սրընթացութեամբ: Աւելի ուշ անոր ծիրը բազմագոյն եղաւ: Կրակէ խառնուրդ էր, որ կը շողարձակէր հրեղէն լեզուներ: Անոնց լոյսը զանազան երանգներով կը ցոլար ոչ միայն գետնին, ծառերուն եւ մացառներուն, այլ նաեւ մարդերու երեսներուն ու զգեստներուն վրայ:
Այս սքանչելիքին եռապատիկ կրկնումէն ետք թուեցաւ, որ լուսագունդը կը դողար եւ կը թօթափէր ինքզինքը, որպէսզի յետոյ դարձդարձիկ ընթացքով գլորէր սարսափահար բազմութեան վրայ: Այս ամբողջ պատահածը տեւեց մօտաւորապէս տաս վայրկեան: Վերջապէս, արեւը նոյն ձեւով վերադարձաւ իր ելակէտին, թուեցաւ նորէն հանդարտ. սկսաւ արձակել իր ճառագայթները ինչպէս կ՛ընէր ամէն  օր: Այլեւս ամէն բան խաղաղ ու բնական էր, բացի ներկաներուն սրտերէն ու մտքերէն: Ինչպէս վերջը յայտնի եղաւ, արեգին հրաշքը տեսնուեցաւ բազմաթիւ վկաներէն, որոնք տեսլավայրը չէին, այլ անկէ հեռու էին մինչեւ քառասուն քիլոմեթր:
Հուսկ յայտնեմ, որ տեսլավայրը գտնուած լրագրողներ, ո՛չ անպայման հաւատացեալ կամ համամիտ, յաջորդ օրն իսկ եւ երկու շաբաթները մանրամասնօրէն տեղեկագրեցին իրենց տեսածներուն եւ լսածներուն մասին` այսպէս կամայ-ակամայ դառնալով ականատես եւ ականջալուր առաջի՛ն վկաները Ֆաթիմայի պատմութեան, որուն առանցքը կազմեց, կը կազմէ եւ պիտի կազմէ մինչեւ աշխարհին կատարածը «Լուսաճաճանչ Գեղուհիին» այս վախճանախօսական յորդորը` ուղղուած բոլոր մարդերուն. «Ամէն օր աղօթեցէ՛ք վարդարանը, որպէսզի ստանաք խաղաղութիւնն աշխարհին: Ապաշխարեցէ՛ք ձեր մեղքերը: Դարձի՛ եկէք: Վերադարձէ՛ք Աստուծոյ»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Երեւան, 14 հոկտեմբեր 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ