Շաբաթ, 19 Մարտ 2011 - Շահանդուխտ կը գրէ Պշարա Ռաաի պատրիարքին մասին

 

Պուրճ Համուտ

 

Պատկերասփիւռի հաղորդումներուն հետեւողութեամբ ծանօթացած ենք մարոնի համայնքի նորընտիր պատրիարք Պշարա Ռայիի: Հմուտ դասախօս մըն է ան, իր եկեղեցւոյ բարօրութեան ջատագով եւ քրիստոնէական հաւատքի տարածման նուիրուած առաքելատիպ եկեղեցական մը:

Երկու տարիէ ի վեր ամէն երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8:30-9:30 ան կը դասախօսէ «Թելէ Լիւմիէր» պատկերասփիւռի կայանէն` մէկ ժամ տեւողութեամբ: Իր նիւթերը ընդհանրապէս Աստուածաշունչէն քաղուած առակներու կամ ճշմարտութիւններու բացատրութիւններ կ՛ըլլան: Մանրամասն ու կեանքէն վերցուած օրինակներով կը համեմէ եւ կը հաստատէ իր խօսքերը` միշտ համոզիչ  եզրափակումով: Կ՛արժեւորէ ԵԿԵՂԵՑԻ  կառոյցին առաքելութիւնը, կը մեկնաբանէ եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները, իւրաքանչիւրը կապելով մեր կեանքի առօրեային մէջ կիրարկելի արարքներու:

Պշարա Ռայի եպիսկոպոսը բնաւ չէ բացակայած պատկերասփիւռի իր ժամադրութենէն: Ամէն երկուշաբթի օրերու երեկոյեան ժամերուն ան կը քարոզէ լիբանանեան գիւղի մը կամ քաղաքին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ մը մէջ, նոյնիսկ աննշան նկատուած գիւղի մը եկեղեցւոյ ծխականները նկատի առնելով, հաւատացեալ բազմութիւնները կը ներշնչէ աստուածահաճոյ խօսքերով, որոնց միտք բանին կ՛ըլլան յարգել եկեղեցին եւ ներկայութիւն ըլլալ հոն ամէն կիրակի, պատուել ընտանիքը եւ անոր անդամները, սիրել զիրար, որովհետեւ սէրն է միայն փրկիչը մեր յարաբերութիւններուն բարելաւման, իբրեւ զաւակները Աստուծոյ:

Վերջին ամիսներու իր քարոզները կեդրոնացուցած էր նորօրեայ մեր կեանքին մէջ երեւցող մակերեսային երեւոյթներու, երիտասարդներու վերաբերումին հանդէպ եկեղեցւոյ եւ իրենց ընտանիքին, նաեւ անոնց անիմաստ հետաքրքրութիւններուն համակարգչային գիտութեան ճամբով հեռանալու մարդկային եւ ազգային ու հայրենական արժէքներէն: Ան միշտ շեշտը կը դնէ հոգեմտաւոր արժէքներու հետամուտ ըլլալու: Ծնողներուն կը պատուիրէ հետեւիլ իրենց զաւակներուն դպրոցական, աշխատանքային կամ արտադպրոցական կեանքին: Լիբանան հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութիւն կը թելադրէ, հեռու մնալու խանգարիչ տարրերէ եւ քաղաքական անօգուտ «մարզանքներէ»:

Երկու շաբաթ առաջ զինք տեսայ դարձեալ պատկերասփիւռէն, իր շուրջը հաւաքուած պատանի ու պարման աշակերտներ: Անոնց հայրաբար կը թելադրէր սիրել ուսումը, զարգանալ գիտութեամբ, բայց առանց մոռնալու եկեղեցին, ընտանիքը, երիտասարդական երկսեռ  յարաբերութիւնները պահպանել` հետեւելով լիբանանեան աւանդութիւններու եւ ազգային-բարոյական արժէքներու իւրացումին: Տեսնելով բազմութիւնը նոր սերունդի աշակերտներուն, հիացայ ու զարմացայ, մտովի ըսի. ապրիք  Պշարա Ռայի եպիսկոպոս, որ կարողացած էք ձեր շուրջը համախմբել նոր սերունդի զաւակներ: Անոնք լրջութեամբ կը հետեւէին եկեղեցականին յորդորներուն: Ան պարբերաբար կ՛ունենար խիստ արտայայտութիւն ի տես եւ ի լուր ներկայիս տարածուած վնասակար եւ աւելորդ արտայայտութիւններու, քաղքենիական շփացած վերաբերումներու եւ այլն: Երբեմն մատը կը թափահարէր սեղանին եւ ամէնուն կը պատուիրէր ըլլալ աշակերտները Յիսուսի, որ «Կեանքն էր ու միակ ճանապարհը» առողջ եւ պարկեշտ կեանք մը ապրելու:

Երբ մարոնի համայնքի պատրիարքութեան ընտրութիւններու օրը հասաւ, սրտանց մաղթեցի, որ նոր պատրիարքը ըլլար Պշարա Ռային, ինծի համար յարգելի եւ առաքելատիպ եկեղեցականը:

Բարի ճանապարհ իր նոր ու պատասխանատու երթին:

Շահանդուխտ

16 մարտ 2011

(Ազդակ 19 մարտ 2011)


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ