Վատիկան
Երեքշաբթի 5 մարտի առաւօտեան, Պօղոս Զ-ի անուան Սիւնհոդոսական սրահին մէջ հաւաքուած կարդինալները, Կարդինալական դասի գահերէց` կարդինալ Անճէլօ Սոտանոյի ստորագրութեամբ, հեռագիր մը ուղղած են Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Քահանայապետին որուն մէջ յայտնած են իրենց «նորոգուած երախտագիտութիւնը» անոր «լուսաւոր վարդապետութեան, եւ անոր տուած հովուական վեհանձն վկայութեան, Եկեղեցւոյ ու աշխարհի բարիքին ի նպաստ»։
Կարդինալները ապա վաստակաւոր Քահանայապետին վստահած են իրենց եւ համայն Եկեղեցւոյ համար աղօթքներ։
http://hy.radiovaticana.va/news/2013/03/05/%D5%AF%D5%A1%D6%80%D5%A4%D5%AB%D5%B6%D5%A1%D5%AC%D5%A1%D5%AF%D5%B6_%D5%A4%D5%A1%D5%BD%D5%AB_%D5%B0%D5%A5%D5%BC%D5%A1%D5%A3%D5%AB%D6%80%D5%A8_%D5%BA%D5%A5%D5%B6%D5%A5%D5%BF%D5%AB%D5%AF%D5%BF%D5%B8%D5%BD_%D5%AA%D5%A6-%D5%AB%D5%B6%D6%89/arm-670533