Երկուշաբթի, 1 Օգոստոս 2011 - Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ գերպծ. Միքայէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանին Զմմառու մէջ


Զմմառ

Կիրակի 31 յուլիս 2011, երեկոյեան ժամը 6-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին Մէջ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին եպիսկոպոսական օծումը կատարեց գերապայծառ Միքայէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանին, որ այս տարուան մայիս 21-ին Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին կողմէն անուանուած էր առաջնորդ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Նարեկի Տիրամօր հայ կաթողիկէ թեմին։ Արհի. Միքայէլ եպս. Մուրատեան կը յաջորդէ Արհի. Մանուէլ Եպ. Պաթագեանին, որ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր տարիքի բերումով։
Oծման արարողութեան աւարտին նորոգ ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը փոխանցեց իր անդրանիկ պատգամը՝ հայերէնով եւ արաբերէնով։

«Պահէ՛ բարի աւանդը, մեր մէջ բնակող Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Բ. Տիմ 1, 14)
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր
Արհի Կապրիէլէ Քաչչիա Պապական Նուիրակ Լիբանանի մէջ
Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք
Գերաշնորհ Սրբազան Հայրեր
Մեծայարգ Պետական Նախարար Պր Փանոս Մանճեան Ներկայացուցիչ՝ - Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ՝ Զօրավար Միշէլ Սուլայմանի - Եւ Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ՝ Պր Նապիհ Պըրրիյի - Եւ Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Պր Նաժիպ Միքաթիի
Յարգարժան Տիկին Հիլարի Չայլտս-Ատամս Լիազօր եւ արտակարգ Դեսպան Գանատայի Լիբանանի մէջ
Յարգարժան Պր Աշոտ Քոչարեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Հայաստանի Լիբանանի մէջ
Մեծայարգ Պարոնայք՝ Նախարարներ, Երեսփոխաններ եւ Քաղաքապետներ
Յարգարժան Եկեղեցական, Քաղաքական, Զինուորական, Կուսակցական եւ Ընկերային՝ Համայնքներու, Հարանուանութիւններու, Հաստատութիւններու եւ Հիմնարկներու ներկայացուցիչներ
Սիրելի Ծնողքս
Գերյարգելի Գերապատիւ Վարդապետներ
Արժանապատիւ Քահանաներ
Առաքինազարդ Քոյրեր
Եւ Սիրելի Քոյրեր եւ Եղբայրներ ի Քրիստոս
Որդիական Երախտագիտութեան աղօթքս կը բարձրացնեմ առ ամե-նաբարին Աստուած որ զիս անարժանս կոչեց այս մեծ պատիւին՝ պարգեւելով ինծի շնորհքը եպիսկոպոսութեան աստիճանին եւ կարգելով զիս յաջորդ սուրբ առաքեալներուն: Խորին շնորհակալութիւնս Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին, որ նուաստիս նկատմամբ իր հայրական վստահութիւնը արտայայտեց անուանելով զիս Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին: Կը խնդրեմ Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակ՝ Արհիապատիւ Կապրիէլէ Քաչչիա Արքեպիսկոպոսէն, որ փոխանցէ Նորին Սրբութեան՝ որդիական երախտագիտութեան յարգանքս  ու զգացումներս:
Սրտագին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Սիւնհոդոսական Հայրերուն՝ իրենց ցուցաբերած վստահութեան անձիս նկատմամբ: Երախտագիտութիւնս նաեւ իրենց ներկայութեան եւ եկեղեցական եղբայրական հոգիով մասնակցութեան օծումիս: Ի խորոց սրտի կը մաղթեմ բոլորին քաջառողջութիւն եւ խոնարհաբար կը վստահեցնեմ  պատրաստակամութիւնս ու տրամադրելիութիւնս միասնական համագործակցութեան, ի պայծառութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, անոր վերելքին եւ բարգաւաճման: Խորին շնորհակալութիւնս Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդի Տեղապահին եւ Վարչութեան անդամներուն իրենց եղբայրական աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար:  Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր եղբայրակիցներուս, բարեկամներուս, ընկերներուս եւ ծանօթներուս, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին կազմակերպելու եւ պատրաստելու այս գեղեցիկ արարողութիւնը:

Նշանաբանը որ ընտրեցի եպիսկոպոսութեանս օծման առթիւ, խօսքն է սուրբ Պօղոսի որ կը խրախուսէ իր Տիմոթէոս աշակերտը ըսելով. «Պահէ՛ բարի աւանդը մեր մէջ բնակող Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Բ. Տիմ 1, 14):

Բարի աւանդը որու մասին կը խօսի հեթանոսներու առաքեալը, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ Քրիստոնէական հաւատքի դաւանութիւնը, որով 301-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը մկրտեց Տրթատ Թագաւորը եւ զոր գեղեցիկ կերպով կ'արտայայտենք մեր եկեղեցական զատկական հետեւեալ շարականին մէջ. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փառք յաւիտեանս. ամէն:»

Բոլորս ալ կոչուած ենք ըլլալու վկաները ա՛յս բարի աւանդին, ա՛յս բարի լուրին, ա՛յս բարի յոյսին: Եպիսկոպոսութեան աստիճանը՝ կը բացատրէ Երջանկայիշատակ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. «կը պահանջէ եպիսկոպոսէն որ ըլլայ ծառայ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին՝ Յոյս աշխարհի»: Այսինքն՝ կը կոչէ եպիսկոպոսը «քարոզելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը՝ որպէս յոյս աշխարհի, ո՛չ միայն ներկայ ժամանակներու իրողութիւններուն վերաբերեալ, այլ ամէն բանէ առաջ եւ մանաւանդ անդենականի յոյսը՝ ա՛յն յոյսը, որ կը ձգտի աստուածային փառքի անանց գանձին: Ա՛յն յոյսը, որ կը գերազանցէ բոլոր այն բաները որ աչքը չէ տեսած, ականջը չէ լսած եւ որ մարդուն սիրտը չէ ինկած (Ա. Կորն 2, 9): Ա՛յն յոյսը զոր Աստուած պատրաստած է զինք սիրողներուն համար, եւ որոնց փառքին հետ ներկայ ժամանակին չարչարանքները համեմատութիւն չունին (Հռոմ 8, 18): Աստուածային յոյսի հեռանկարը, միացած հաւատքի եւ սիրոյ առաքինութիւններուն՝ պէտք է դրոշմէ եպիսկոպոսին հովուական ծառայութեան ամբողջութիւնը:» (Pastores Gregis N° 3)
Նայելով իմ մարդկային տկարութիւններուս, գիտակից եմ որ առանձինս չեմ կարող կրել այս ծանր լուծը, սակայն՝ հետեւելով Ս. Պօղոսի խօսքերուն թէ. «Պահէ՛ բարի աւանդը, մեր մէ՛ջ բնակող Սուրբ Հոգիին միջոցաւ»՝ ամբողջ էութեամբս, ինքզինքս բոլորանուէր կը յանձնեմ Սուրբ Հոգիին թելադրանքներուն ու շնորհքին եւ Իրեն վստահելով, ի լուր բոլորին՝ ձայնս կը միացնեմ Ընդհանրական եւ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր ուղղափառ եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն եւ առաքեալներուն ձայնին՝ եւ կը դաւանիմ ու կը հռչակեմ հաւատքս, յոյսս եւ սէրս Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ Մի Աստուածութեան: Եւ կ'արձագանգեմ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին հռչակաւոր կոչին՝ ուղղուած ամբողջ մարդկութեան. «Մի վախնա՛ք, բացէ՛ք՝ լայնօրէն բացէ՛ք դռները Քրիստոսի առջեւ»: Այո՛, յիրաւի եւ ճշմարտապէս Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսն է Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը»:

Ա՛յս է հաւատքը զոր մանուկ հասակէս սորվեցայ պապենական տանս մէջ, ծնողքիս՝ Սարգիս եւ Թերեզ Մուրատեաններու ծունկերուն վրայ, եւ որոնց առջեւ այսօր որդիաբար կը խոնարհիմ խնդրելով Աստուծմէ որ պարգեւէ իրենց քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ երջանիկ օրեր:

Ա՛յս է հաւատքը որուն մէջ թրծուեցայ սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի դպրեվանքին մէջ՝ նորընծայութեանս շրջանին, Զմմառու Տիրամօր այս դարաւոր վանքին մէջ, ուր սրբակեաց վարդապետներու եւ դաստիարակներու ուղղութեամբ եւ խրատներով աճեցայ Հայազգի պատկանէլիութեանս եւ Քրիստոնեայ Կաթողիկէ դաւանանքիս մէջ՝ դառնալով անդամ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, որուն պատմութեան էջերը հարուստ են ազգանուէր եւ ազգօգուտ բազմապիսի ծառայութիւններով ու գործունէութիւններով եւ որուն ճակատը պսակուած է անձնուրաց, առաքինի եւ բարեջան առաքեալ կաթողիկոսներով, եպիսկոպոսներով եւ վարդապետներով, որոնց ախոյեանն ու գլուխն է Երանելի Նահատակ՝ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը եւ իրեն միաբանակից 16 նահատակները: Աստուծոյ շնորհիւ վստահ եմ որ սիրեցեալ Զմմառու Միաբանութիւնս պիտի շարունակէ իր բարձրաթռիչ երթը Քրիստոսի ճանապարհին՝ ի ծառայութիւն Հայ ազգին, ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ եւ ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան:

Ա՛յս է հաւատքը որուն մէջ խորացայ ու դարբնուեցայ եւ զոր կեանքիս ուղեգիծ դարձուցի յաւերժական քաղաք՝ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանին եւ սուրբ Թովմաս Աքուինացիի Քահանայապետական համալսարանին մէջ՝ գիտակցաբար ըմբռնելով եւ ապրելով հաւատքս «ի մի միայն ընդհանրական եւ առաքելական սուրբ Եկեղեցի»: Եկեղեցական միութիւն մը ուզուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ եւ որուն համար՝ վերջին ընթրիքի ատեն, Երկնաւոր Վարդապետը իր շուրջ հաւաքելով առաքեալները աղօթեց ըսելով.«Ես միայն ասոնց համար չեմ աղօթեր. այլ ամէն անոնց՝ որոնք իրենց խօսքով պիտի հաւատան ինծի, որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան»(Յովհ 17, 20-21): Միութիւն Եկեղեցւոյ՝ որուն իրականացման համար սուրբ Պետրոսի յաջորդները՝ Սրբազան Քահանայապետները, չխնայեցին ո՛չ աղօթք, ո՛չ զոհողութիւն եւ ո՛չ ալ տքնաջան աշխատանք, եւ որոնց աստուածահաճոյ գործը իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ  հոյակապ կերպով կը շարունակէ ներկայ Քահանայապետ՝ Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, որուն հանդէպ կը նորոգեմ հաւատարմութեանս խոստումը մաղթելով անոր արեւշատութիւն:
   
Շնորհակալութիւն ձեզի բոլորիդ՝ որ ձեր ներկայութեամբ եւ աղօթքներով կը մասնակցիք եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանս այս հոգեպարար արարողութեան: Շնորհակալութիւն Թելէլիւմիէր Հեռատեսիլի կայանի Տնօրենութեան որ ուղղիղ եթերով կը հեռարձակէ օծմանս արարողութիւնը: Կը հրաւիրեմ ձեզ, որ միանաք ինծի, Յիսուս Քրիստոսի միջնորդութեամբ՝ Հօր Աստուծոյ նուիրուած գոհաբանական աղօթքիս:

Տէր իմ Յիսուս, Դուն, որ զգեցած ես լոյսը որպէս հանդերձ, Դուն, որ հնազանդելով Երկնաւոր Հօրդ՝ անճառելի խոնարհութեամբ երկնքի փառքէդ իջար,  մարմնացար եւ մարդոց յայտնուելով անոնց մէջ շրջեցար: Դուն, որ ի յաւիտենից Քահանայապետ եղար Մելքիսեդեկի կարգէն եւ զարդարեցիր սուրբ Եկեղեցիդ պարգեւելով անոր սուրբ առաքեալներ, վարդապետներ եւ եպիսկոպոսներ: Քու ողորմութեանդ ակնարկը դարձուր, Տէ՛ր, նուաստիս վրայ, զոր կոչեցիր հովուելու քու հօտդ: Քու սուրբ Մարմնոյդ եւ Արեանդ միջնորդութեամբ, Հօր Աստուծմէ ընդունէ ինծի համար սուրբ Հոգւոյն շնորհքը՝ ուղղափա՛ռ հաւատքի, հաստա՛տ յոյսի, կատարեա՛լ սիրոյ եւ ճշմարի՛տ խոնարհութեան: Բարեխօսութեամբ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր, պարգեւէ՛ ինծի, Տէ՛ր, զգաստութիւն եւ զատորոշում կատարելու համար քու ճշմարի՛տ եւ սուրբ կամքդ, որպէսզի վստահելով քու երկնային շնորհքիդ՝ իմաստութեամբ, սիրով եւ սրբութեամբ առաջնորդեմ ինծի յանձնուած հօտդ դէպի երկնային արօտավայրերը, որպէսզի փառաւորենք Քեզ՝ Հօրդ եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ. Ամէն»:

Օծման արարողութեան ընթացքին Լիբանանի մէջ առաքելական նուիրակ արհի. Կապրիէլ Քաչչիան կարդաց այս առիթով Բենեդիկտոս ԺԶ. պապին կոնդակը:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին եւ օծման հանդիսաւոր արարողութեան նորօծ եպիսկոպոսը՝ գերպծ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան Զմմառու մայրավանքի դահլիճին մէջ ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորութիւնները։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ