Հինգշաբթի, 10 Փետրուար 2011 - Արցախեան ազատագրական պայքարի 23-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ

 

Պուրճ Համմուտ

 

Հինգշաբթի՝
10 փետրուար 2011-ի առաւօտեան ժամը 11։20-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական ուսումնասիրական աշակերտական խմբակի։

Ձեռնարկին ներկայ էին վարժարանի տնօրէնութիւնը, հիւր-բանախօսը` Ալեքսան Քէօշկերեանը, երկրորդական բաժինի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, տեսչական կազմէն անդամներ եւ 10-12րդ դասարաններու աշակերտութիւնը։

Ձեռնարկի բացման խօսքով հանդէս եկաւ տեղեկատուական ուսումնասիրական աշակերտական խմբակի անդամ՝ Մելքոն Էլէյճեան, որ իր խօսքին մէջ. «Տարիներ շարունակ Արցախը կ՛ապրէր խաւարի մէջ՝ բռնակալութեան լուծին տակ։ Սառած էին Արցախին ձեռքերը, շղթայուած էին ոտքերը, նոյնիսկ միտքը, բայց 1988-ին լոյսը յաղթեց մութին, եւ մեր արեւը վերստին ծագեցաւ Արցախի վրայ։ Հալեցաւ սառոյցը, ազատ արձակուեցան անոր ձեռքերը, ոտքերն ու միտքը, եւ հայեացքը յառած մնաց դէպի հայրենիք։ Պայքարի օրերը դժուար էին ու խրթին, բայց հայ ազատամարտիկները՝ սիրահարներն են դժուարութիւններուն, երբ անոնց կը կանչէ հայրենի հողը։ Այս է իւրայատկութիւնը հայ ժողովուրդին։ Ազատագրական պայքարի ընթացքին մեր հերոսամարտիկները զինուած էին ոչ միայն զէնքերով, այլ՝ ազգասիրութեամբ եւ Վարդանի ոգիով, անոնց սրտերուն տրոփիւնը կը գոչէր «ազատութիւն եւ արդարութիւն», եւ այդ էր մեր յաղթանակին հիմնական գրաւականը»։ Ապա շարունակելով իր խօսքը, Մ. Էլէյճեան ըսաւ. «Ո՛վ Արցախ, դուն մեր սրբազան խաչն ես, որուն վրայ մեր բիւրաւոր նահատակները խաչուելով, ապահովեցին յաջորդող սերունդներուն կեանքը, յարգելով նահատակներուն անթառամ յիշատակը։ Դուն, կանգուն ես այս աշխարհին վրայ, քանի որ հիմնուած ես նահատակներուն արեամբ ու արդարութեամբ, դուն՝ մեր կարմիր թուրն ես, զորս իւրաքանչիւր արիւնոտ ձեռքի կը հարուածէ, պահանջելով իրաւունք եւ ազատութիւն, հող եւ կեանք։ Ով Արցախ, քեզմով մենք որքան երանելի ենք»։

Բացման խօսքին յաջորդեց Արազ Չերչեանին ասմունքը։ Ան ասմունքեց Աւետիս Իսահակեանի «Մեծ Յաղթանակի Օրը» բանաստեղծութիւնը, որուն յաջորդեց

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի պատմական հոլովոյթը ներկայացնող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը՝ Սարգիս Հալլաճեանի մոնթաժումով։

Օրուան բանախօս՝ պրն. Ալեքսան Քէօշկերեան խօսք առնելով եւ նախեւառաջ շնորհակալութիւն յայտնելով վարժարանի տնօրէնութեանը եւ կազմակերպող խմբակին, ըսաւ. «Շարժման սկզբնաւորման ժամանակ կը գտնուէի Հայաստան, որպէս ուսանող։ Այն ինչ պատիւը ունեցայ հայրենաբնակ ազգակիցներուս կողքին, համեստ մասնակցութիւնս բերելն էր ամենամեծ քաղաքական պոռթկումին։ Հայ ազատագրական պայքարի կարեւոր շղթայի մեծ օղակն է Ղարաբաղի ազատագրումը»։ Այնուհետեւ բանախօսը տուաւ Արցախի պատմականը՝ կարեւոր կէտերուն մէջ։ Շարունակելով իր խօսքը, պրն. Քէօշկերեան ըսաւ. «Հայաստանի ամբողջ ժողովուրդը մտաւորականութեան առաջնորդութեամբ ոտքի կանգնեցաւ խաղաղ միջոցներով Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու պահանջով։ Մեր սերունդը բախտը ունեցաւ վկան դառնալու այդ պահանջատիրական պայքարին։ Ես վստահ էի այդ պայքարը յաղթանակով պիտի վերջանայ, քանի որ ամբողջ ազգը նոյնը կը պահանջէր մէկ բռունցք դարձած։ Խաղաղ ցոյցերը արդիւնք չտուին։ Իսկ Ատրպէյճանը այդ ցոյցերուն ի պատասխան, կազմակերպեց Սումկայիթի, Պաքուի ջարդերը, ինչպէս նաեւ զանգուածային տեղա-հանութիւններ։ Այս իրադրութեան վրայ եկաւ աւելնալու աղիտաբեր երկրաշարժը։ Սակայն մենք միշտ վստահ էինք, որ ատրպէյճանցին չի կրնար կոտրել իր հողին, ընտանիքին եւ պատիւին համար կռուող հայը»։

Բանախօսութեան աւարտին աշակերտուհի Սինթիա Արապկիրլեան կատարեց «Գետաշէն» երգը, որուն աւարտին տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ, ըսելով. «Կը շնորհաւորեմ տեղեկատուական ուսումնասիրական աշակերտական խմբակը այս նախաձեռնութեան համար, որ իրարայաջորդ ձեռնարկներով կ՛աշխուժացնէ ազգային ոգին վարժարանին մէջ»։ Այնուհետեւ պարոն տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին, ապա աւարտելով խօսքը ըսաւ. «Կ՛ուզեմ, որ ղարաբաղցիի պայքարելու կամքը փոխանցուի ձեզի։ Կամք ունեցէք, տիրանալու լաւ մասնագիտութիւններու եւ, ի յարկին, ձեր նպաստը բերելու Արցախի, հայրենիքի, Ջավախքի հզօրացման գործընթացին»։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ